Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Ճիւնին Միասնաբար Կը Մերժէ Զիատ Ասուատի Արարքը

Մեծ թիւով բողոքարարներ Ճիւնիի շրջանին մէջ փողոցը լեցուցին Հինգշաբթի երեկոյեան խաղաղութիւն պահանջելու եւ դատապարտելու մէկ օր առաջ այնտեղ պատահած տհաճ կռիւը Զիատ Ասուատի եւ կարգ մը երիտասարդնէերու միջեւ, որոնք փորձեցին Ասուատի կեցութիւնը կրճատել շրջանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ   Լիբանանի  մէջ ապահովական խլրտումները կը շարունակուին։ Վերջին շրջանին եւ գրեթէ ամէն գիշեր բախումներ կը գրանցուին մէկ կողմէ ցուցարար երիտասարդներու եւ ապահովական մարմիններու ու շատ յաճախ ալ քաղաքական գործիչներու ու անոնց ընկերակիցներուն միջեւ։

Խօսելով վերջին զարգացումներուն մասին կը նշուի, որ նախորդ օր արտակարգ դէպք մը գրանցուած է Լիբանանի Աքքար նահանգին մէջ, ուր խռովարարներ լարուած վիճակով մօտեցած են Ազգային ազատ հոսանքի կեդրոնին եւ լուտանքներ տեղացուցած կուսակցութիւն հասցէին, ու ապա կրակի տուած են կեդրոնը։

Լիբանանեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ երկրին մէջ տիրող լարուած մթնոլորտին մէջ նման զարգացում մը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ առանց անոր ալ քաղաքականօրէն անորոշ դրութեան վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին