Պէյրութի բնակիչները երէկ առաւօտ երկրաշարժ մը զգացած են։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Էլ Նաշրա» կայքը նշելով, որ երկրաշարժը 4 ռիխթըր աստիճանի էր։ Կը նշուի նաեւ, որ երկրաշարժի կեդրոնը Պաղեստինի մերձ եղող միջերկրականեան ջուրերու հատուածն է։
Վնասներու մասին տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան։






