Արուեստագործութիւնը կարեւոր մաս կը կազմէ Լիբանանեան պատմութեան ու ինքնութեան, որ օգնած է ձեւաւորելու շատ մը գիւղերու եւ քաղաքներու կառուցուածքը ու օժանդակած ապրուստ հայթայթելու անհատներու եւ ընտանիքներու: Հակառակ իր տնտեսական եւ ընկերային դերին, երկրի զարգացման մէջ, այս հատուածը անհոգութեան կ’ենթարկուի հանրային հաստատութիւնիններու կողմէ եւ աջակցութեան պակասը կը նշմարուի իր զարգացման համար: Արդիւնքը, այն է թէ ձեռարուեստը հետզհետէ կ’անհետանայ վտանգելով երկրին մշակութային ժառանգը:
Հասկնալու համար այս բոլոր մարտահրաւէրները որ ձեռարուեստի արհեստագործները կը դիմագրաւեն “ՆԱՀՆՈՒ”, ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը, «Պատկեր», հասոյթ չհետապնդող միութեան հետ գործակցաբար, կարեւոր միջոցառում մը ներկայացուցին Հայոց Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն սրահին մէջ:
«ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութիւնը ուսումնասիրութիւն մը կազմակերպած է 51 արհեստագործերու մօտ, Պուրճ Համմուտի մէջ, գիտնալու համար թէ անոնք ինչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն եւ այն պատեհութիւնները որ գոյութիւն ունին զարգացնելու համար մշակութային ժառանգութիւնը շրջանին մէջ. «Պատկեր» միութիւնը Արփի Մանկասարեանի առաջնորդութեամբ, տրամադրեց արժէքաւոր տեղեկութիւնները շրջանի պատմութեան ու արհեստագիտութեան մասին Պուրճ Համմուտի մէջ, ինչպէս նաեւ դիւրացուց շփումը, յառաջ տանելու համար, արհեստագէտներու եւ «ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութեան միջեւ ուսումնասիրութիւնը յաջողցնելու համար:
Այս գործին համար «ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութիւնը 20 երիտասարդ կամաւորներ մարզած էր որպէսզի ուսումնասիրութիւնը իրագործեն, որ ընդգրկեց Մարաշ թաղը, լայն պողոտան եւ Նապաա շրջանը: Ուսումնասիրութիւնը նկատեց թէ Պուրճ Համմուտի մէջ արհեստագործութեան մարզերը կ’ընդգրկեն՝ կահագործութիւն, կաշէգործութիւն, դերձակութիւն, ոսկերչութիւն, պրոնզի գործ, երկաթագործութիւն, հիւսուածեղէն եւ ուտեստեղէն: Անոնց արհեստանոցները ընդհանրապէս կը գտնուին ներքոյ թաղերուն մէջ, հաւասար թիւով ուրիշներ կը գտնուին ծայրամասերուն եւ երկրորդական թաղերուն մէջ, իսկ շատ քիչ թիւով արհեստաքննութեան երթակուող անձերը ընդհանրապէս տղամարդիկ էին, որոնց տարիքը կէսէն աւելի 50 տարեկանէն վեր էին, իսկ մնացեալը կը տարուբերէր 30էն 39ի միջեւ: Ուսումնասիրութիւնը նաեւ բացայայտեց թէ ձեռարուեստի գիտութիւնը կը փոխանցուի ընտանեկան կապերու միջոցաւ միջոցաւ կամ ինքնաշխատութեամբ եւ վարպետներու քով աշկերտութեամբ:
«ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութիւնը հետեւեալ մարտահրաւէրները նշմարեց՝
- Բարձր մրցակցութիւն դուրսէն ներածուած, աւելի աժան գիներով ապրանքներու տարածումը: 2) Արհեստագործերը պէտք է արձանագրուին ճարտարարուեստի նախարարութեան մօտ որպէսզի կարենան օգտուիլ արտածումներէն: 3) Բարձր տուրքեր կան, հում նիւթերու վրայ պետութեան կողմէ, որ կը պատճառէ ապրանքի սղութիւն: 4) Պետական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքապետութիւններուն սահմանափակ դերը:
Վերջապէս «ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութեան ուսումնասիրութիւնը հետեւեալ յանձնարարութիւնները կ’առաջադրէ զօրացնելու եւ զարգացնելու համար արուեստագործութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
1) Նախարարութիւնները պէտք է ճանչնան արհեստագիտութիւնը իբրեւ Լիբանանի մշակութային ժառանգութիւն եւ իրարու հետ համադրեն իրենց գործունէութիւնը որպէսզի պաշտպանեն եւ տարածեն արհեստագիտութիւնը:
2) Օրէնք մը մշակուի որպէսզի զարգացնէ այս արհեստներու արտադրութիւնը:
3) Արձանագրել բոլոր արհեստագէտները Լիբանանի տարածքին (Քարտէսագրել):
4) Աջակցիլ արհեստագէտներուն որպէսզի “Made in Lebanon” գրութիւնը կարենան զետեղել իրենց ապրանքներուն վրայ արտածելու համար դէպի միջազգային շուկաներ:
5) Հաստատել եւ օժանդակել դպրոցներ բանալու ուր արհեստագիտութիւն կը դասաւանդուի նոր սերունդին:
6) Դրամական եւ տնտեսական օգնութիւն հայթայթել նոր արհեստագիտական հաստատութիւններ ստեղծելու համար:
ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից