Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Օրինակելի Նախաձեռնութիւն

Հայկական արժէքներու եւ մշակոյթի պահպանման կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի տնօրէութիւնը ձեռնարկած է Մարաշի ասեղնագործութեան դասընթացք մը:

Դասընթացք մը, որուն միջոցաւ այնքան գեղեցիկ ազգային ժառանգութիւն մը երէց սերունդի ներկայացուցիչէ մը կը փոխանցուի երիտասարդ սերունդին, առ ի յաւերժութիւն այս ինքնուրոյն արուեստին: Իսկ ո՞վ պիտի հովանաւորէր նման բան մը, եթէ ոչ տուեալ արուեստի բնօրրանին հայրենակցական միութիւնը առ ի կատարում իր գոյութիւնը արդարացնող առաքելութեան:

Շնորհաւորելի է նախաձեռնութիւնը: ԹՈՂ, ՈՐ ՎԱՐԱԿԻՉ ԸԼԼԱՅ ԱՆ:

«Զ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին