Երբ կը հանդիպիս ունայնութեան դարպասներուն, մշուշի մէջէն, հին օրերէն իբրեւ մխիթարանք եւ ներկայութիւն, մխիթարանք, երեւոյթներ, պատկերներ, դէպքեր, դէմքեր կը յառնին յուշելու թէ անցեալ մը կայ որ ապրուած է իր ժամանակին, երբեմն եռանդուն եւ յաղթական, երբեմն պարտուած, երբեմն անմիտ ու անհաշիւ, մերթ՝ մտածկոտ ու խոհուն, վերջապէս անցեալ մը ամբողջ կ՛ըլլայ ներկայ, կ՛ըլլայ ապրում ու կ՛ըսես թեւերդ պարզելով Տիեզերքին, ողջո՜յն կեանք, որ ունի իր միւս երեսը զոր կ՛անուանենք մահ: Իսկ ներկայ պահը՝ այն ինչ ապրուած էր ու հիմա կը կրկնուի իբրեւ անցեալ ներկայի մէջ, զոր յուշ կ՛անուանենք ու կը վերապրինք: Ո՞վ կրցած է մեկնաբանել կեանքը: Ընթացք մը, որուն շաւիղին մէջ կը շնչենք, կը մտածենք ու կ՛ապրինք: Սա կշիռք մըն է որ կը գործէ բնութեան մէջ անկախ մեզմէ…
Ուրեմն, անցեալէն էջ մը ահա (զօդուած՝ երկու անձերու հետ): Հի՜ն, դպրոցական գրասեղաններէն դասարան մը, որ տեսականիներով կը յատկանշուի: Կար դասարանին «պապան» որ ամէնէն երէցն էր եւ կար նաեւ՝ «թոռնիկը» մօտաւորապէս հինգ տարուան միջոցով: Բայց այս բացառիկ երկուքն էին իսկ մնացեալը՝ գրեթէ իրարու հաւասար տարեկից: «Մեծերը կը յարգուին, պզտիկները կը սիրուին» այս ընդհանուր անգիր օրէնք է: Հասակը նկատի ունենալով «թոռնիկը» (Յովհաննէս Փիլիկեան) եւ ես քով-քովի նստեցանք քանի որ նստարանները զոյգի համար յարմարեցուած էին: Զբօսանքներուն ալ իրարմէ շատ հեռու չէինք մնար. Ես իմ հոգածութեանս տակ առեր էի զինք եւ ինք հետագային պիտի յիշէր ու գրէր իր՝ Լոնտոնէն ինծի ղրկած նամակին մէջ.-«Գիտե՞ս որ իմ մանկութեանս լաւագոյն բարեկամն էիր, կը յիշեմ, տարիներ Յովակիմեան-Մանուկեանի մէջ ինծի պաշտպան դասընկեր էիր: Տղայ մը կար որ անդադար բակին մէջ ինձ կը չարչարէր, ես ամէնէն փոքրն էի (գէշութեան համար չէր այլ՝ պարզապէս երեխայական չարութիւն, նախ ինձ կը սիրէր եղբօր պէս) եւ դուն յաղթանդամ ըլլալով միշտ դէմ կը դնէիր ինծի պաշտպանելով»: Եւ դեռ շա՜տ յուշեր, վերջապէս վեցամեայ կեանքի տեւողութիւնը չի բաւարարուիր արարքով մը: Թէ ի՛նչն է որ կը կապէ զիս այս օրերուս հին յուշերու շղթան, այդ կապն է իր՝ եւ գրող Արմէն Դարեանին (որուն շիջման 30ամեակն է այս տարի) որ լոյսի տուած էր իր առջինեկը՝ «ՄԵՐ ՀԱՑԸ» պատմուածքներու գիրքը: Ես այդքան ալ գրականութեան հետամուտ չէի, իմ նախասիրած դասերս էին երկրաչափութիւն, պատմութիւն (հայոց, ընդհանուր) ուսողութիւն, եւ արդարադատութիւն, ինչ որ ուսուցիչներու վկայութեամբ՝ կը բացատրուէր իբրեւ «Կոշտ եւ կռուազան»: Կ՛ընդունիմ: Կեանքի մէկ հրամայականն է , սակայն յետոյ հասկցայ որ տկարը, կամ աշակերտը, այս պարագային, պէտք է ծռիլ գիտնայ –որ «ճկունութիւն» կը թարգմանուի- որպէսզի եթէ կարելի է հետագային վրէժը լուծէ: Բայց քիչ մը հեռացանք: Դառնանք «ՄԵՐ ՀԱՑԸ»ին: Յով-Փիլի (նոր մկրտութեամբ) տեղեկութեամբ եւ առաջարկով ունեցայ գիրքը, մակագրուած՝ «Գրասէր Պատանիի մը»: Այս եղաւ առաջին հեռակայ «բարեւ»ը հեղինակին՝ Արմէն Դարեանին հետ: Տարիներ ետք, ոչ երկար, «ԳՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿ»ի յարկէն ներս ի միջի այլոց ծանօթացանք իրարու: Սկսնակներու խնամքին մաս կազմողներէն էր Պերճ Ֆազլեանին եւ Յակոբ Սարգիսեանին հետ: Մտերմութիւնը խորացաւ տարիներու թաւալքին հետ: Յաճախ կը քաջալերէր. Երբեմն մեղմօրէն երբեմն՝ քիչ մը խիստ, իմ անտարբերութեան ի տես: Ես ալ ի հարկէ իմ պատճառներս ունէի, որուն գլխաւորը յուսախաբութիւնն էր որ հայեցողութեանս խորքն ու ծուծը կը կազմէր: Օր մը հարցուց.-«Սարգիս, ե՞րբ ուրախ պիտի ըլլաս», ըսի.- «Երբ Արարատը վերադարձնենք» պատասխանը եղաւ .-«ՍՊԱՍԷ ՈՒՐԵՄՆ»:
Ու կ՛ընթանայ կեանքը այս…մին տանելով երազներ, ուրիշ մը կեանք մը երազ սկսելով ծանրաբեռն:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից