Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Արեւելեան Ուղղափառ Եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու Աստուծաբանական Երկխօսութեան Հանդիպումին

26 Յունուարէն 1 Փետրուար 2020-ին, Աթշանէի  Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ կայացաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան Միջազգային Աստուծաբանական յանձնախումբի 17-րդ հանդիպումը։ Ներկայ հանդիպումին նիւթն էր «Եկեղեցւոյ Խորհուրդներու Աստուածաբանական հիմքերը»։ Յանուն Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան, ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ու Հոգշ. Շահէ Ծ.Վրդ, Անանեանը, իսկ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանն ու Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը։

Յանձնախումբին յառաջիկայ տարուան հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-30 Յունուարին, Վատիկանի մէջ, ուր պիտի քննարկուին եկեղեցական երկու ընտանիքներուն մէջ Ս. Մարիամ Աստուածածնի առնչուող աստուածաբանական հարցերն ու խնդիրները։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին