Հայրիկ… Տղամարդիկ… Հայրեր: Մարդկային հաւաքականութեան պատրիարքական համակարգի առաջնային խնամակալները: Առաջնորդները անոր: Անոր հիմնական շահառուներն ու անոր յաւերժացման մեղսակիցները: Մենք բոլորս ունեցեր ենք զիրենք: Մեզմէ ոմանք տակաւին ունին այդ անձը իրենց կեանքին մէջ: Թերեւս մենք միշտ չէինք սիրած իրենց, եւ անոնք, անշուշտ, միշտ չէ, որ մեզի համար դիւրացուցած են այս պարագան: Անոնք տղամարդիկ են: Սեռ մը, որ առնչուած է կոշտութեան եւ ծանր աշխատանքի հետ: (Հօրս ձեռքերը հայրիկի ձեռքերն են: Անոնք ոչ այնքան հեշտ կեանք տեսած են):
Մենք չենք նշեր անոնց տօնը կամ իրենց հետ կապակցուած առիթները այնքան, որքան կը նշենք մեր մայրերունը, քանի որ հայրերը կոչուած են ըլլալու նուազ փխրունը: Մեզի սորվեցուցած են, որ տղամարդիկ չեն լար: Տղամարդիկ թոյլ չեն: Տղամարդոց պէտք չէ փափկասուն տօնակատարութիւններ:
Այս կարճ գրութեամբ, այն էջին վրայ, որ իր գրութիւնները կ՛երեւին ընդհանրապէս, ես ու մայրս կ’ուզենք շնորհաւորել հայրիկիս: Ի վերջոյ, անոր ծննդեան օրն է այսօր: Ամբողջ 60 տարի ան եղած է այն, ով որ է:
Հայրիկս լաւ մարդ է:
Ես կը կարծեմ, որ եթէ մենք տօնենք իսկապէս լաւ մարդոց տօնը, մենք ինչ-որ ձեւով կը խրախուսենք վատերուն, որ այդքան ալ վատ չըլլան:
Ես բախտաւոր զաւակ եմ լաւ մարդ մը հայր ունենալով: Լաւ մարդ ըլլալը հեշտ չէ: Այս իրողութիւնը լաւ գիտեմ, քանի որ ես անձամբ կը փորձեմ լաւ մարդ ըլլալ:
Եւ որքան երջանիկ եմ որպէս հայր ունենալով նման հայր մը, որ ունիմ: Կը փորձեմ նմանիլ քեզ նման Մարդու: Կան նաեւ այլ հայրեր, որոնց նոյնպէս կը փորձեմ նմանիլ: Հետեւաբար այս նաեւ տօնել է հայրութեան տօնը: Բոլոր լաւ հայրերուն հայրութեան տօնը:
Լաւ մարդ ըլլալը հեշտ բան չէ: Աւելի եւս դժուար է քեզ նման խորունկ բարոյական պարտաւորութիւններ ունեցող մարդ ըլլալը:
Ես դիւրին զաւակ մը չեմ եղած քեզի: Հետեւաբար դուն գոնէ զիս ճիշդ դաստիարակելու վարկով պէտք է գնահատուիս: Կը խոստանամ լաւ մարդ դառնալ:
Դիւրին չէ սակայն ըլլալ լաւ մարդ, լաւ հայր եւ լաւ Հայ:
Դիւրին չէ ընտրել լաւը ըլլալ եւ կառչած մնալ անոր: Հօրս անցած ուղին այնքան ալ դիւրին չէ եղած: Կը կարծեմ բոլոր հայրերունը նոյնպէս: Ես բարկութեամբ կ՛ընկալեմ այն բոլոր անարդարութիւնները, որ ինք ապրած ու տեսած է մանաւանդ՝ իր մօտիկներէն: Այն մարդոցմէ, որոնց հանդէպ ինք միայն ազնիւ եղած է: Ես բարկացած եմ: Ինք միշտ եղած է հանդարտ:
Ես տեսած եմ, որ ինք հարուածուած է կրկին եւ կրկին անգամներ: Ահա սակայն ինք տակաւին կը մնայ ամուր եւ հանդարտ ինչպէս միշտ: Ճիշդ այն խորունկ արմատներով ծառին նման, որ կը դիմադրէ ամուր հոսող գետն ու փոթորիկները: Ան նման է այն զանգակատան, որ կը շարունակէ ղողանջել հակառակ իր դէմ գործուած ամէն արգելքի:
Շնորհաւոր տարեդարձդ սիրելի հայրիկ: Դուն միշտ ըսած ես, որ երբ զաւակ մը դաստիարակես, որ քեզմէ լաւն է, այս կը նշանակէ, որ յաջողած ես հայրական պարտականութեանդ մէջ:
Ահաւասիկ ես եմ Հայրիկ: Ես զաւակդ եմ որ քեզմէ աւելի քան գոհ եմ նոյնիսկ եթէ դուն ըլլայիր կէսը՝ այն ինչին, որ ես:
Հետեւաբար այս շնորհաւորանքը քեզի է եւ քու միջոցաւ այն բոլոր հայրերուն՝ այս թէ անդի աշխարհին մէջ, որոնց զաւակները կը ճգնին ըլլալ իրենց լաւ մարդ հօր գոնէ կէսը: Շնորհաւոր ձեր տարեդարձը սիրելի հայրեր երբ ալ զուգադիպի անոր թուականը:
Վերջապէս այսօրուայ համար շնորհաւոր տարեդարձդ սիրելի հայրիկ:
***
Սիրելի ամուսինս,
Ես վստահ եմ, որ մինչեւ այս տողը կարդալով դուն քեզ հարցեր կու տաս այս գրութեան մասին…:
Անոր ոճը՝ ծանօթ է: Միտքերը՝ հարազատ: Զգացումները՝ կիսուած եւ բացատրուած: Վերաբերմունքը՝ քննարկելի:
Դուն քեզի հարց կու տաս հիմա, թէ ո՞վ է այս տողերուն հեղինակը:
Այո: Այս տողերը քեզի համար են:
Ինչո՞ւ սակայն նման բաց նամակ մը օրաթերթի մը մէջ: Որովհետեւ մենք ընտրեցինք տարեդարձդ շնորհաւորել քեզի սրտամօտիկ «Զարթօնք»ին էջերէն: Այն «Զարթօնք»ին, որուն առաքելութիւնն ու գոյութիւնը այնքան կարեւոր եղած են քեզի համար:
Վերջապէս, այս ուրախ առիթով կ՛ուզեմ քեզի իմ շնորհակալութիւնս յայտնել հոգատար, սիրող եւ ազնիւ կողակիցս ըլլալուդ համար: Շնորհակալ եմ անկեղծ եւ նուիրեալ կեանքի ընկերս ըլլալուդ համար: Շնորհակալ եմ, խոհեմ եւ միշտ զօրակից ամուսին մը ըլլալուդ համար:
Երախտապարտ եմ այն բոլոր քաջալերանքներուն համար, որ քեզմէ ստացած եմ բոլոր այն բաներուն համար, որ ուզած եմ ընել: Երախտապարտ եմ բոլոր զոհողութիւններուդ: Երախտապարտ եմ, որ կաս:
Մենք քեզի կը սիրենք:
Երեք Այբերէն՝ Երկուն