Շաբաթ, 07. 03. 2026

spot_img

Ժողովրդային Պատրաստութիւն Ձախողութեան Մատնելու Վստահութեան Քուէի Խորհրդարանական Նիստը 

Լիբանան կը շարունակէ մնալ տնտեսական վախազդու փոթորիկի մը դէմ յանդիման երբ անոր տնտեսական գործառոյթները լճացած են, գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Երկրին տնտեսական աճը դժուար կը  գերազանցէ զէրոն իսկ դրամանիշին արժէքին պահպանումը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Այս իրավիճակը աւելի եւս կը դժուարացնէ երկրին կարողութիւնները դիմագրաւելու ներքին թէ արտաքին յանձնառութիւնները:

Այս բոլորին զուգահեռ,  նախարարաց խորհուրդը ամէն ճիգ կը թափէ ամբողջացնելու իր կառավարական ծրագրին սեւագիրը, մինչ ժողովրդային շարժումի պատասխանատուները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են հակակառավարական մեծ ցոյց կազմակերպելու խափանելու համար վստահութեան քուէի խորհրդարանական նիստը:

Նոր կառավարութեան առաջին քայլերը լաւ բան չեն ներշնչէր: Մինչ ժողովրդային  շարժումը յարաբերական խաղաղութենէ ետք դարձեալ փողոցով կը սպառնայ , կառավարութիւնը, ըստ կարգ մը աղբիւրներու կը միտի հակաժողովրդային կարգ մը քայլեր առնել ինչպէս աւելցնել վառելանիւթի սակը ինչպէս նաեւ քննարկել յաւելեալ արժէքի տուրքի բարձրացումի պարագան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին