Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Զատորոշութիւն

Եթէ պիտի մասնատենք ամբողջութիւնը, կը սկսինք զայն բաժնել երկուքի: Օրը՝ գիշեր-ցերեկի, սեռը՝ արական-իգականի, կեանքը՝ ապրիլ-մեռնիլի, ատել-սիրելու եւ այսպէս շարքը շատ երկար է սակայն պէտք է յիշենք սեւ-ճերմակն ու բարին եւ չարը: Այս պատճառաւ գուցէ երկու եղբայրներու կամ երկու հզօր ուժերու բախումի մասին շա՜տ գրուած է հինէն ի վեր, մանաւանդ պատերազմներու առիթներով,  որով ուժ մը ընդհարում կ՛ունենայ ա՛յլ ուժի մը հետ, յանուն… բազմաթիւ պատճառներով որոնց գլխաւորը՝ մարդու պատերազմելու  արիւնարբու կիրքն է: Յաղթելու, դիմացինը ստորնացնելու գերագոյն հաճոյքը՝ երբ պարտուած երկրի թագաւորը անձնակազմով շղթայակապ կ՛անցնի յաղթող երկրի արքայական աւագանիին առջեւէն:

Յաղթանակով իր տիրապետութեան կ՛ենթարկէ երկիր մը ամբողջ. Ե՛ւ հողատարածք ե՛ւ բնակչութիւնը իբրեւ ստրուկ վաճառելու արդիւնաբեր եկամուտ: Շատ լսած եմ թէ պատերազմներու  գլխաւոր պատճառը տնտեսական է: Այս ալ մարքսեան կը բուրէ ինչ որ ճշմարտութենէն փետուր մը կը պարունակէ, թէեւ դարերու թաւալքին հետ, թագաւորներու փոխարինող նախագահներ , պատերազմներէ բխող մարդկայնական նորանոր օրէնքներով կը ծածկեն խնդրին բուն իսկութիւնը, այս անգամ պատժամիջոցներով.- տնտեսական, որմէ դիւրաւ կարելի բռնկիլը ռազմական գործողութիւններու իրագործումներու:…Պատերա՞զմ, թէ՝ խաղաղութիւն: Ո՞րն է իրականը: Ի՞նչ է թաքնուած այս իրողութեան յատակը: Խաղաղութի՞ւն, որ արդէն պատերազմ է, որ արդէն պատերազմի թաքնուած ուղին: Պատերա՞զմ, որուն արդէն պատրաստ են այսպէս կոչուած «մեծ» պետութիւնները եւ «մեծ»ի սահմանումն իսկ ի նպաստ ուժեղին է եւ ոչ թէ ա՛յլ մարզի: Եթէ անցնինք բարոյական կրօնական, մեր՝ քրիստոնէական հաւատքին թէ «Ո՞վ է մեծ»: Յիսուս տղայ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցուց եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ՛ընդունի, եւ ան որ զիս կ՛ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ՛ընդունի.  Վասնզի ան որ ձեր ամէնուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»: Կայ նաեւ խոստանալ ու գործադրելու կամ՝ չգործադրելու արարքը:

Շարունակելով երկու  եղբայրներու  առակը: Հայր մը առաջինը կը ղրկէ այգի գործելու, որ կը մերժէ երթալ: Հուսկ՝ կը ղրկէ երկրորդ որդին, որ «կ՛երթամ, Տէր»-ով կը պատասխանէ: Սակայն առաջինը որ մերժած էր կը զղջայ ու կը գործէ իսկ երկրորդը՝ թէեւ սիրայօժար ընդունած ու պատասխանած էր, չ՛երթար: Ի՞նչ փոխուած  է երկու հազար տարիէ ի  վեր: Եթէ ակնարկ մը նետենք մեր ապրած իրականութեան վրայ: Կայ երդումի դրութիւնը, մանաւանդ՝ պատասխանատու, լուրջ հարցերու վերաբերեալ անձերու համար, ինչպէս նախագահ, բժիշկ, նախարար կուսակցական եւ այլն եւ այլն դատարանի վկաներն  ալ կ՛երդնուն Աստուածաշունչի վրայ ձեռք դնելով –եթէ քրիստոնեայ է: Զարմանալու բան է. մինչդեռ Յիսուս ըսաւ «Ամենեւին երդում մի ընէք, ոչ երկինքի վրայ, որ Աստուծոյ աթոռն է, եւ ոչ երկրի վրայ, որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ոչ ալ Երուսաղէմի վրայ, որ մեծ թագաւորին քաղաքն է»: (Մատթէոս Ե:34):

Կ՛ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր բնականաբար պիտի յարաբերինք մարդկային զանազան խաւերու հետ որոնց մեծամասնութիւնը պաշտօնական հանգամանքով երդուեալներ են, ապահով եւ վստահելի: Սակայն կա՞յ մէկը, որ փորձառաբար չէ հարուածուած խօսքի  եւ գործի խառնարանէն: Ենթարկողի եւ ենթարկուողի իրականութենէն պրծի ու իր լիիրաւ իրաւունքին տիրանայ: Ինչու՞  են խլրտումներն ու մինչեւ իսկ մահաբեր պոռթկումները: Կարելի՞ է զատորոշել տեղւոյն  վրայ ճշմարիտը սուտէն կամ ճշմարտանմանէն: Եթէ այո, ԴՈՒՆ ԵՍ ԱՐՔԱՅ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին