Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Տիրականը

Երբեմն բառով մը բացած կ՛ըլլաս դուռը դղեակին ուրկէ հին խայտաբղէտ յուշեր կ՛ուրուագծուին ու կ՛ապրիս նորոգուած շունչով կամ, նայած հարկին՝ ի՛նչն էր որ միտքի ծալքերէն  լոյսի եկան ինչ որ եկան: Կրկնութիւնը ցանկալի  չէ բայց երբեմն կը պատահի կամ անհրաժեշտութեան, կամ մոռացութեան կամ ալ ա՛յլ պարագայի: Առիթով մը դասախօսութենէ մը ետք, մտերիմ զրոյցի ընթացքին դասախօսին ըսի թէ այնինչ միտքը երեք անգամ կրկնեցիր. Ըսաւ «Ժողովուրդին համար անհրաժեշտ է, քանի որ ընդհանրապէս կը լսեն. սակայն մտիկ ընելը ուրիշ բան է»: Ապրիլն ալ բոլորովին ուրիշ իր բազմաթիւ պէտքերով, փափաքներով եւ այլ մանրամասնութիւններով:

«Ինչպէս երգչին քնքուշ քնար, ղեկավարին անկոր սուսեր» այնպէս ալ անօթիին հաց է պէտք: Իսկ մարդ արարածը, գոհունակութեան մէկտեղ ունի նաեւ դժգոհութիւն: Ի սկզբանէ աչքերը ուղղած է հեռու հեռաւոր հորիզոններուն՝ կատարելութեան, որուն Աստուած անունը կու տայ:  Սակայն ոտքերը կը մնան հողին, որ նայած տեսակին, պայմաններուն, կրնայ ամրանալ, կրնայ ճահճանալ ու պատճառ դառնալ նպատակի անկման: Այս բաները կը պատահին քանի որ մարդկային ընկերութիւնը տակաւին մէկ հասարակարգի տակ ընդգրկուած չէ ու չի կրնար ըլլալ, ամէն անձ ըլլալով ուրոյն անհատականութիւն:

Այս՝ ինչ կը վերաբերի խորքին, բնութեան , եւ ոչ թէ դաստիարակութեան ինչ որ կարելի է ունենալ մէկ յայտարարի տակ  համեմատաբար: Օրինակ ունենալով ճամբաներու օրէնքները ինքնաշարժներու եւ հետիոտններու, թէեւ անոնք եւս երբեմն կը խաթարուին հակառակ խիստ օրէնքներու: Մարդ կը ծնի, անկէ ետք ալ կը դաստիարակուի: Խնդալ, խօսիլ , քալել եւ այլն կը սորվի տարիներու ընթացքին մինչեւ ըլլայ ընկերութեան լիիրաւ անդամը, տարիքի բերմամբ ոմանց կողմէ գովասանքի, այլոց կողմէ գուցէ եւ արգահատելի: Երկուքն ալ արդիւնքն են դիտանկիւնի, բաղդատականի, ինչ որ այնքան տարածուած եւ սովորական երեւոյթ է դարձած դժբախտաբար եւ նոյնիսկ՝ հաճելի կարգ մը սիգաճեմներու կողմէ որոնք կը սիրեն վերէն նայիլ անձերու, հարցերու, դէպքերու եւ վերլուծումներ տալով, վստահաբար ինքնագոհացումի փետուրներով պաճուճուին:

«Ինչ տուիր կեանք դուն ինծի, եւ ես քեզի ինչ տուի» Վ.Վահեան: «Ես ուզեցի երգել գովքը Աստուծոյ,/Սիրտս լցուեց բայց չգիտեմ, թէ ինչու գորշ օրերու տաղտկութիւնը երգեցի» Ե.Չարենց: Ուզելը պայմաններէն մին է սակայն ապրիլն է տիրական: Երբ «հաց պանիր»ի պէտք ունիս, կը մոռնաս երկինքն ալ երկիրն ալ, կապոյտն ալ մօտիկն ալ (մեր պատմութիւնը վկայ: Բաւ է միայն Զ. Եսայեան կարդալ): Աւելցնենք նաեւ Թէքէեանը .-«Ոտանաւորն ի՞նչ ընել. Ոտանաւորը կ՛ուտուի՞»: Ցաւալի:

Հանդիսութեան մը դադարին դուրս ելանք օդ առնելու: Բարեկամիս ըսի«հոյակապ երգեցին»: «Հոյակա՞պ» ըսաւ ձեռքով ալ կամար մը գծելով  օդին մէջ: Աւելցուց՝«Հոյ խոյ»: Ըսի, «Ես իմ հայերէնովս կը խօսիմ կոր: Գիտէր թէ ինծի համար ալ ճշգրտութիւնը կարեւոր էր բայց նաեւ՝«Եթէ մէկը թերութիւններդ ցոյց տայ խորհէ թէ կորած գանձ մը գտած ես»:( Տհամմաբատա):

Ոչ ոք ինքնաստեղծ չէ: Կայ ծինը եւ կան պարագաները: Ինչե՜ր կ՛ուզէի ըլլալ …ԲԱՅՑ

Դղեակին դուռը բացինք սակայն ակնկալուածը գտա՞նք արդեօք: Չկայ հսկայ սրահ այլ՝ սենեակներ  շուկայի վերածուած, երբեմն լուսաւոր, երբեմն աղօտ եւ գուցէ եւ մութ: «Մեր ամէնօրուայ հացը…»: Ա՛յս եղաւ այսօրուան «հաց»ս:

«Եւ ողորմեա՛ քո արարածոց եւ ինձ՝  բազմամեղիս»:

Սարգիս Փոշօղլեան

«Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին