Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

«Ալ Այստեղ Չեմ Վերադարնար». Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կ՛աճեցնէ «Ուղեղներու Արտահոսքը»

Մինչ Անորոշութիւնը Կը Շարունակուի Շատեր Կ՛ուզեն Դուրս Գալ Երկրէն

Երբ Լիբանանի մէջ բողոքներու ցոյցերը ընթացք առին, հազարաւոր մարդիկ անոր մէջ յոյս մը տեսան եւ ուխտեցին մնալ երկրին մէջ ձգտելով անոր մէջ կայանալիք բարեփոխումներուն: Բարելաւել իրենց հարազատ երկիրը, որ տարիներ շարունակ իր լաւագոյն երիտասարդութիւնը կորսնցուցած է արտագաղթով:

Տնտեսական տագնապը այսօր աւելի խեղդիչ է սակայն համեմատած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ տագնապներուն հետ:

Ուսանողներ եւ երիտասարդներ դժուարութիւն ունին համակերպելու ծանր իրավիճակին հետ: Ահաւասիկ նամանաւանդ այս դասակարգն է, որ գաղթի մասին կը մտածէ ու անվերադարձ կը լքէ իր երկիրը:

 

Այս տագնապէն դուրս գալու յստակ ճանապարհի կամ տեսիլքի մը բացակայութիւնը արդէն իսկ սկսած է աւերներ գործել: այսօր:

«Ահաւասիկ կը մեկնիմ եւ Ալ Այստեղ Չեմ Վերադառնար». Ըսաւ Եուսէֆ Նասսար, 29 տարեկան շարժանակարի մասնագէտ մը, որ դէպի մէկ ուղղութեամբ տոմս կտրած էր յաջորդ ամիս մեկնելու Գանատա:

Իրեն հասակակից մը կը պոռթկայ ըսելով, որ «Ո՛չ մէկ բան ճիշդ կ՛ընթանայ այս երկրին մէջ, որ մտածեմ մնալու մասին»:

Յիշեցնենք, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր նորագոյն պատմութեան ամէնասուր տնտեսական տագնապը:

Մեծ թիւով ընկերութիւններ փակուած են, ամսավճարներ նուազեցուած, մինչ անգործութեան տոկոսը բարձր ցուցանիշ կ՛արձանագրէ:

Սղաճը կրկնապատկուած է տարուան վերջին ամիսներուն իսկ Լիբանանեան թղթոսկին տոլարի դիմաց կորսնցուցած է իր արժէքին մէկ երրորդը շուկայի վրայ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին