Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Հայ Եկեղեցին Կը Մասնակցի Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի Տարեկան Ժողովին

28 եւ 29 Յունուար 2020ին‚ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ժողովը‚ ուր յանուն Հայ եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան‚ Առաջնորդ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի‚ եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի։

Երկու օրերու վրայ երկարող սոյն ժողովը առիթ ստեղծեց քննարկելու քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Նկատի ունենալով որ սոյն ժողովը առաջին անգամ ըլլալով կը գումարուի Քուէյթի մէջ‚ մասնակից առաջնորդները ժողովականներուն հակիրճ զեկոյց ներկայացուցին Քուէյթի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան‚ ուր յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Քուէյթի Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքին մասին‚ որ շրջանի ամէնահին քրիստոնեայ համայնքներէն մէկն է։

Յայտնենք‚ որ ժողովի աւարտին Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան‚ ընտրուեցաւ Ծոցի երկիրներու եկեղեցիներու խորհուրդի Ատենապետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին