Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Միջազգային Միջ-Եկեղեցական Համագումար Անթիլիասի Մէջ

Յունուար 31-էն մինչեւ Փետրուար 2 միջազգային միջ-եկեղեցական համագումար մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Համագումարը կազմակերպուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ: Անոր նպատակն է նոր մարտահրաւէրներու ու տագնապներու դիմաց գտնուող միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկել եւ ապա որոնել նոր ուղղութիւն ու տեսլական միջ-եկեղեցական շարժումին:

Համագումարին պիտի տրուին երկու գլախաւոր դասախօսութիւններ Վեհափառ Հայրապետին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախկին ընդահնուր քարտուղար Դոկտ. Ք. Րայզըրի կողմէ: Վերոյիշեալ նիւթերուն շուրջ հայեցակէտեր պիտի ներկայացուին եկեղեցական գլխաւոր ընտանիքներու եւ շրջանային եկեղեցական խորհուրդներու կողմէ: Ապա, համագումարի աւարտին պիտի կատարուի յայտարարութիւն:

Համագումարին հրաւիրուած են միջ-եկեղեցական մարզէն  ու յատկապէս եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն ներս երկար տարիներու հարուստ փորձառութիւն ունեցող անձեր՝ Հարաւային քորիայէն, Ինտոնիզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Գէնիայէն, Կանայէն, Պուրուտիէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆիլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին