«Ազգայնականութիւն» եւ «Ազգային Շահ» եզրերը մէկիմաստ չեն։ Անոնք բազմիմաստ են, եւ իւրաքանչիւրը ունի տարբերակներ։ Օրինակ. նախայարձակ ազգայնականութեան հետապնդած ազգային կոչուած շահը՝ դասակարգային է։ Մինչ ժողովրդահայրենասիրական խաղաղասէր ազգայնականութեան եւ վրիժառու մարտական ազգայնականութեան հետապնդած ազգային շահը իրօք՝ ազգային է, հայրենասիրական, ոչ՝ նախայարձակ կամ ծաւալապաշտական, որովհետեւ՝ վրիժառու մարտական ազգին շահը կը հետապնդէ արդարութիւն, ոչ՝ բռնագրաւում։
Այս երկու եզրերու տարբեր բովանդակութեանց մէջ, այս խիստ կարեւոր զատորոշումը ծնունդ առաւ, երբ կրկին անգամ ընթերցեցինք ամերիկեան “FOREIGN AFFAIRS” երկամեայ հանդէսի 1999 շրջադարձային տարուան Յուլիս-Օգոստոսի համարը։
Այս հանդէսի մեծադիր 156 էջերու բովանդակութիւնը 300 էջանի սովորական հատորի մը տարողութիւնը ունի, զոր կարելի չէ նոյնիսկ սղագրել յօդուածի մը սահմաններուն մէջ։ Ուրեմն, պիտի անդրադառնանք միայն այն գրութիւններուն, որոնք ծնունդ տուած են վերեւ յիշուած զատորոշումին։
Այդ գրութիւնները՝ թիւով հինգ են, եւ անոնց շօշափած նիւթերն են.
1 – Ազգային շահերու տարբերակները եւ ԱՄՆ-ի որդեգրած տարբերակին շուրջ համազգային համամտութեան չգոյութիւնը։
2 – Ազգայնականութեան տարբերակները եւ նախայարձակ տարբերակի, ծաւալապաշտական, գործադրած երկակ ոճիրներուն, Ցեղասպանութեան եւ Տարագրութեան միջեւ՝ աւելի ահաւորը Տարագրութիւնն է։
3 – ԱՄՆ-ի վարած աշխարհի ոստիկանապետութեան ստրատեգիան եւ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը չյարգելու վարքագիծը չեն վայելեր ԱՄՆ-ի բնակչութեան ամբողջական հաւանութիւնը։
4 – Վայրի կապիտալիզմի խոցելի եւ անարդար հետեւանքները։
5 – Սիոնական պետութեան վարած մենատիրական եւ հակադեմոկրատական քաղաքականութեան, արդար լուծումի մը համար դեմոկրատական երկխօսութիւնը մերժող յանձնապաստանութեան քննադատութիւնը։
Հարկ է շեշտել, որ ամերիկեան այս հանդէսին կողմէ վերեւ յիշուած նիւթերուն շօշափումը արտօնելի պիտի չըլլար Սովետ Միութեան ինքնալուծարումին յաջորդող առաջին տարիներուն։ 1999 թուականը շրջադարձային էր, քանի որ ՍՍՀՄ-ի ինքնալուծարումին յաջորդող միաբեւեռ աշխարհակարգը, ԱՄՆ-ի միահեծան տիրակալութեամբ, մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ գործեց բարբարոսային ոճիրներ՝ չքնաղ Եուկոսլաւիայէն մինչեւ Աֆղանիստան, վարկազրկելով ամերիկեան իմփերիալիզմը եւ միաբեւեռ աշխարհակարգը, եւ ճամբան հարթեց նոր՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգին։
1999-ին, Եէյլ Համալսարանի հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ Donald W. White-ի “The Rise and Decline of the United States as a World Power” ենթախորագրով հատորը՝ “The American Century” խորագրով, որ կը վկայէ այս շրջադարձի մասին։
1 – Ազգային Շահի Վերասահմանում
Հարվըրտ Համալսարանի կառավարման դպրոցի տեսուչ Ճոզըֆ Ս. Նայ Կրտսեր (Joseph S. Nye Jr.) «Վերասահմանելով Ազգային Շահը» (Redefining the National Interest) խորագրին տակ, հանդէսի 22-35 էջերուն վրայ կ՚ուզէ յստակացնել այն շփոթը, որ ստեղծուած է ԱՄՆ-ի ազգային շահին ճշդումին մէջ, Սովետ Միութեան ինքնալուծարումէն յետոյ։ Ան կ՚ըսէ՝ «Ազգային Շահ»ի յղացքը կանգնած է լպրծուն գետնի վրայ, դժուարացնելով անոր ճշգրիտ սահմանումը։ Ապա կը մէջբերէ Սամուէլ Հանթինկթընի («Քաղաքակրթութիւններու Պատերազմ» հատորին հեղինակը, որուն այս հատորը յաջորդեց Ֆրանսիս Ֆուքոյամայի «Պատմութեան Վախճանը» հատորին) հետեւեալ կարծիքը. «Ազգային ինքնութեան վստահ իմաստի մը ծանօթ չըլլալով, ամերիկցիները անկարող եղան սահմանելու ազգային շահերը, որուն իբր հետեւանք՝ անդրազգային, ապազգային եւ առեւտրական շահեր եկան տիրապետելու ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան վրայ…»։
Ուրեմն, ամերիկեան իմփերիալիզմի գաղափարախօսական տեսաբանի իսկ վկայութեամբ, ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան հիմքը՝ երկրի բնակչութեան համայնական շահերը չեն, այլ՝ տիրող վայրի դրամատիրական դասակարգին անդրազգային, ապազգային (դասակարգային) եւ առեւտրական շահերը…։
Տակաւին, հեղինակը կը մէջբերէ նաեւ՝ Փիթըր Թուպովիցի վերջին երկէն՝ ազգային շահի ամերիկեան յարափոփոխ սահմանումներուն շուրջ (1890-ականներուն, 1930-ականներուն եւ 1980-ականներուն) հետեւեալ եզրափակիչ տողը. «ԱՄՆ չունի մէկ եւ միակ ազգային շահ։ Վերլուծաբաններ, որոնք կ՚ենթադրեն թէ ԱՄՆ ունի յստակօրէն զատորոշելի ազգային շահ մը, որուն պաշտպանութիւնն է որ կ՚որոշէ անոր յարաբերութիւնները միւս ազգերուն հետ, չեն կարողանար սակայն բացատրել թէ՝ ինչո՞ւ տեւապէս ամերիկացիները կը ձախողին ներքին համախոհութիւն մը ստեղծել՝ երկրի միջազգային առաջադրանքներուն շուրջ»։
Որովհետեւ՝ ԱՄՆ-ի միջազգային առաջադրանքները ազգային չեն, իմփերիալիստական, ծաւալապաշտական են. այսինքն՝ տիրող վայրի կապիտալիստական դասակարգին նախայարձակ ազգայնականութեան շահերն են…։ Եւ հեղինակը կը ճշդէ. «ԱՄՆ-ի ժողովուրդը ցանկութիւնը չունի դառնալու աշխարհի ոստիկանապետը»։ Բացատրելով՝ որ ԱՄՆ-ը այլեւս միջազգային ամենակալ ու ամենատիրական ուժը չէ, այլ կը գտնուի 19-րդ դարու Մեծն Բրիտանիոյ ծերացած առիւծի վիճակին մէջ, երբ կը վարէր «ուժերու հաւասարակշռութեան» (balance of power) քաղաքականութիւն, որուն պարտի հետեւիլ այսօր՝ ԱՄՆ-ը…։
2 – Ազգայնականութեան Տարատեսակները
Գալիֆորնիոյ Համալսարանի Պատմութեան Ամպիոնի դասախօս Ուիլիամ Ու. Հէկըն (William W. Hagen), հանդէսի 52-64 էջերուն մէջ, մանրամասնօրէն կը բացատրէ ազգայնականութեան տարատեսակները եւ ազգային ինքնութեան տարբեր հիմքերը։ Այդ հիմքերը եղած են՝ պատմական, կրօնական, մշակութային եւ պետական։ Այս վերջինի պարագային, պետութիւնը բազմազգ է, եւ երբ մեծ է, ասոր ազգայնականութիւնը կ՚ըլլայ՝ նախայարձակ, ծաւալապաշտ (Expansionist Nationalism), ինչպիսին էին կայսրութիւնները, եւ ինչպիսին է այսօր՝ ԱՄՆ-ը։ Իսկ պատմա-մշակութային հիմք ունեցող ազգի մը ազգայնականութիւնը, երբ ազգը կորսնցուցած է իր ազգային հողերը՝ ասոր ազգայնականութիւնը կ՚ըլլայ՝ վրիժառու (Irredentist), որովհետեւ՝ հարկադրուած կ՚ըլլայ պայքարելու, ազատագրելու համար իր ազգային հողերը։ Բայց եթէ ազգը դուրս դրուած է իր հայրենիքէն, այդ պարագային, պայքարը կը զգենու տարբեր բնոյթ։ Եւ հեղինակը կը յիշատակէ. «Դժբախտաբար, նախորդ դարուն տեղի ունեցան ցեղասպանութեան ողբերգական ոճիրներ, որոնց բուն նպատակը ազգի մը զանգուածային սպանդէն աւելի՝ անոր զանգուածային տարագրումն էր ազգային հողերէն։ Օրինակ՝ յոյներու սպանդն ու արտաքսումը Փոքր Ասիայէն թուրքերու կողմէ, 1922-ին։ Նոյնպէս՝ հայերու ահաւոր ցեղասպանութիւնը 1915-ին, թուրքերու կողմէ, որպէս նպատակ ունենալով՝ ոչ թէ երկրագունդին վրայ հայ մը իսկ չձգելը, այլ՝ անոնց արտաքսումը իրենց ազգային հողերէն։ Արտաքսեալ հայերը ցիրուցան եղան աշխարհի տարածքին, կորսնցնելով իրենց համայնքային միասնութիւնը։ Ասոնց պայքարը փոխեց իր բնոյթը, ցիրուցանութեան պատճառով, եւ ասոնք հարկադրուած եղան՝ միաւորուած մէկ ժողովուրդի օրինականութիւն ձեռք բերելու համար, փաստելու իրենց ատակութիւնը կազմակերպուելու իբր մարմնաւորումը՝ իրենց ազգային «երեւակայեալ միասնութեան» (their legitimacy rested entirely on their ability to embody their national “imagined community”)»։
Գալիֆորնիոյ Համալսարանի պատմութեան դասախօս Փրոֆ. Ուիլիամ Հէկընի պատմագրական ոճով գրած այս վերջին նախադասութիւնը տողերս գրողը գրած է աւելի քան 30 տարիներ առաջ, իրաւագիտական ոճով, երբ կը գրէր՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի կազմակերպումի անհրաժեշտութեան մասին։ Ստեղծել՝ կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրեալ) եւ միակ լիազօր մարմին, Տարագիր Արեւմտահայութեան ցիրուցան բեկորներուն տալու համար միջազգային իրաւական անձնաւորութեան կարգավիճակ՝ կարենալ լսելի եւ ընդունելի դառնալու միջազգային ատեաններուն առջեւ՝ պահանջելու համար Արեւմտահայաստանի հողային դատին լուծումը։
Նաեւ՝ այն միտքը, թէ Մեծ Եղեռնի երկու ոճիրներուն աւելի մեծն ու կարեւորը Տարագրութիւնն է։
3 – ԱՄՆ-ի Վարած Աշխարհի Ոստիկանապետութեան Ստրատեգիան
Պատերազմի Ոճիրներու Նիւրեմպերկի Դատարանի նախկին դատախազ՝ ամերիկացի Ուոլթըր Ճ. Ռոքլէր, հանդէսի 119-120 էջերուն վրայ, «Ամերիկա Առաջի՞ն» (“America First?) խորագրին տակ կը քննադատէ ԱՄՆ-ի ոստիկանապետական պատերազմները գերիշխան պետութիւններու դէմ, որոնք կ՚ոտնահարեն Միջազգային Հանրային Իրաւունքի հիմնական սկբզունքները եւ ՄԱԿ-ի Ուխտը. «Որոնք կը հանդիսանան հզօր պետութեան կողմէ տկար պետութիւններու ջախջախումը, ինչ որ սովոր ենք անուանել՝ իմփերիալիզմ…»։
Ան կը շարունակէ. «ԱՄՆ կը փորձէ արդարացնել Քոսովոյի ռմբակոծումները ՆԱԹՕ-ի կողմէ՝ քանի որ այդպիսով կը փրկուին (եղեր) մանուկները ցեղային մաքրագործումէ, եւ կը պաշտպանեն (եղեր) մարդու իրաւունքները, որոնք (եղեր) աւելի կարեւոր են քան նախայարձակեալ երկրի ազգային գերիշխանութիւնը…։ ՄԱԿ-ի Ուխտը ունի մարդու իրաւանց պաշտպանութեան քաղաքակիրթ մեքանիզմեր, զորս ԱՄՆ կրնայ կատարելագործել, սակայն անտարբեր կը մնայ։ Հոս կ՚արժէ շեշտել այն, որ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը՝ 40 տարիներ վերջ միայն հաճեցաւ յարիլ 1949 թուի Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման ու Պատժումի Պայմանակցութեան…»։
Գող՝ սիրտը դող… Դեմոկրատիայի եւ մարդու իրաւանց մասին շաղակրատող ամերիկեան իմփերիալիզմը՝ 40 տարիներ վախցած է յարելու այս քաղաքակիրթ պայմանակցութեան, շարունակելով իր բարբարոսային պատերազմները գերիշխան երկիրներու դէմ։ Եւ՝ չի վարանիր ծիծաղելի, անպատկառ, անամօթ, խելագար ու փարայոնակ նկատուելէ, երբ կը բարբառէ թէ՝ Քոսովոյի կատաղի ռմբակոծումները, խնայած են (եղեր) ու փրկած մանուկներ։
Վերը մէջբերուած պարբերութեան յաջորդող նախադասութիւնը՝ ամերիկեան իմփերիալիզմը բարոյապէս մոխրացնող է, կ՚ըսէ. «Մեր կառավարութիւնը վախցաւ նոյնիսկ այս ատամնազուրկ պայմանակցութենէն» (“To ratify this toothless Genocide Convention”)։
Եւ եզրափակիչ պարբերութիւնը կ՚ըսէ. «Այսօր՝ Ամերիկայի Ուժը կը թուի տիրական ըլլալ, սակայն, ասիկա կրնայ՝ որ հաստատուի թէ՝ գրեթէ ժամանակաւոր է։ Նաեւ այն պատճառով, որ մեր երկրի ուժի գործածութիւնը՝ միշտ չեղաւ ի խնդիր արդարութեան, կամ՝ միջազգային անվտանգութեան, կամ՝ մարդկայնական արժէքներու (նկատի առէք մեր արարքները՝ Կուաթեմալայի, Էլ Սալվատորի, Նիքարակուայի, Փանամայի եւ Չիլիի մէջ…)»։
Լատին Ամերիկայի այս հինգ երկիրներուն մէջ՝ CIA-ի գործած «արարք»ները՝ ամերիկացի հրեայ հակասիոնական ականաւոր լեզուաբան Նոամ Չոմսքի որակած է՝ «բարբարոսութիւններ»…։
4 – Վայրի Կապիտալիզմի Խոցելի, Անարդար Հետեւանքները
Հանդէսի 127-129 էջերուն վրայ գրախօսական մը կայ, ռումէն ծագումով ամերիկացի խիզախօրէն ճշմարտախօս գրող Էտուարտ Լութուաքի՝ “Turbo-Capitalism: Winners and Losers in Globalized Economy” խորագրով հատորին մասին, որ լոյս տեսած է 1991-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Harper Collins հրատարակչութենէն։
Հեղինակը ահազանգ կը բարձրացնէ համաշխարհայնացուածր տնտեսական աշխարհին մէջ «սանձազերծ կապիտալիզմ»ի ահագնացող տիրակալութեան դէմ, որուն միջնաբերդը Միացեալ Նահանգներն են, բայց որ ներկայ է նաեւ՝ Եւրոպայի եւ Ճափոնի մէջ։
Հեղինակը արտակարգօրէն սուր քննադատութեամբ կ՚ողբայ եւ կ՚ափսոսայ, որ 1980 թուականէն յետոյ՝ նախկին «կարգաւորուած» (regulated) կապիտալիզմը, որ կար 60-ականներուն եւ 70-ականներուն, սանձազերծուած է եւ դարձած՝ «անկարգաւոր» (բառացիօրէն՝ “turbo-charged”)։ Եւ կը շեշտէ. «Այս աղիտալի փոփոխութեան հետեւանքները կ՚ընդգրկեն նաեւ, եկամուտներու անհաւասար եւ անարդար բաշխումը, գերհարուստներու եւ գերաղքատներու միջեւ խրամատին խորացումը բոլոր մակարդակներու վրայ. տնտեսական անապահովութեան սրումը, ընկերային ախտերու բազմացումը, ինչպէս՝ ոճրագործութիւնը եւ հասարակական անկարգութիւնը»։
Հեղինակը նաեւ՝ մասնաւորելով իր խօսքը Միացեալ Նահանգներու հասարակութեան մասին, կծու եւ կտրուկ բառերով կը քննադատէ. “Many aspects of American society, from arts to sports…”, եւ շեշտուած կերպով՝ “money’s increasing dominance in measuring success and values…”։
Հեղինակը տակաւին սուր նշդրակով կը մորթատէ սանձազերծ կապիտալիզմի բարքերն ու արժեհամակարգը, եւ միւս երկիրները կը զգուշացնէ որդեգրելէ զայն, սակայն, մարտակոչ մը չ՚ըներ անոնց…։
Այս հեղինակը՝ անշուշտ, յեղափոխական մը չէ։ Ան ունի մարդկայնական ու յեղափոխական միտքեր եւ զգացումներ մանաւանդ, բայց չունի յեղափոխական հոգեկան կերտուածք, պիտի ըսէր հոգեվերլուծաբան Էրիք Ֆռոմմը։
5 – Սիոնական Պետութեան Յանձնապաստանութիւնը
Հանդէսի 145-146 էջերուն վրայ, ամփոփ ծանօթացումը կայ հատորի մը (լոյս տեսած 1999-ին, Harvard University Press-էն), որուն վերնագիրն է “Separate and Unequal: The Inside Story of Israeli Rule in East Jerusalem”, որուն հեղինակներն են՝ Ամիր Ս. Շեշին (սիոնական կառավարութեան խորհրդատուն՝ 1984-1993, Արեւելեան Երուսաղէմի արաբ բնակչութեան հարցերուն), Աւի Մելամէտ (Շեշինի յաջորդող խորհրդատուն) եւ Պիլլ Հաթմէն (“The Jerusalem Post”ի աւագ թղթակիցը 1992-1996 տարիներուն)։
Այս իսրայէլացի հեղինակները՝ խտօրէն եւ մանրամասն փաստերով, կը քննադատեն սիոնական կառավարութեան վարած ցեղային խտրական, յանձնապաստան եւ սեփականազրկումի քաղաքականութիւնը արաբ բնակչութեան դէմ՝ 1967 թուականէն սկսեալ… ըլլայ՝ Լիքուտ եւ ըլլայ Աշխատաւորական կուսակցութիւններու օրով։
Հատորի վերջաւորութեան, “A Path to Peace Note Taken” (Խաղաղութեան տանող քայլ մը, որ չառնուեցաւ) ենթախորագրին տակ, հեղինակները սուր քննադատութեան կ՚ենթարկեն սիոնական կառավարութիւններու հետեւողական մերժումը՝ հրեայ-արաբ դեմոկրատական անկեղծ երկխօսութեան, զայդ նկատելով ՄԵԾ ՍԽԱԼ մը, եւ կ՚եզրափակեն. “Sadly, that error in judgement is the tragedy of Israel’s rule since 1967”։
Յայտնօրէն, այս բարեմիտ հեղինակները գիտակ չեն, կամ՝ կ՚անգիտանան, սիոնական այս տարատնկեալ պետութեան վստահուած առաքելութիւնը՝ ամերիկեան իմփերիալիզմին կողմէ…։
- • •
Հանդէսի այս համարին մէջ կայ նաեւ հակիրճ անդրադարձ մը՝ Թուրքիոյ վերաբերող հատորի մը։ Ասոր խորագիրն է՝ “Turkey Unveiled: A History of Modern Turkey” (Թուրքիա՝ քօղազերծուած), որուն հեղինակներն են՝ Hugh եւ Nicole Pope զոյգը (լոյս տեսած 1999-ին, Նիւ Եորք Overlook Press-էն)։
Հեղինակները կ՚ըսեն թէ՝ Արեւմուտքի մեկնաբաններու կարծիքները Թուրքիոյ մասին միասնական չեն, այլ՝ երկու հակոտնեայ կարծիքներ։ Մէկը՝ արդի Թուրքիան կը նկատէ Միջին Արեւելքի ամէնէն արդիականացած պետութիւնը՝ խորհրդարանով, բազմակուսակցական, դեմոկրատական եւ կանանց ազատագրութեամբ։ Միւսը՝ արդի Թուրքիան կը նկատէ հարազատ ժառանգորդը Օսմանեան Կայսրութեան ամէն վատ աւանդին, որ պատասխանատու է հայոց ողբերգական Եղեռնին, եւ տակաւին ջարդարարը՝ իր սեփական քիւրտ ժողովուրդին։
Հեղինակները կ՚որդեգրեն միջին գիծ մը՝ այս երկու կարծիքներուն միջեւ, եզրակացնելով թէ՝ եւ մէկ եւ միւս կարծիքները, «կիսով ճիշդ են» (“Half Right”)։
Այս զոյգը հաւանաբար կիսով ծանօթ է Թուրքիոյ պատմութեան ու Փանթուրքիզմին, նաեւ՝ մեր սեփական ապիկար եւ անջիղ քարոզչութեան հետեւանքով։
Նորագոյն օրինակ մըն է մեր թուլութեան, այն «կոչ»ը, զոր ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդը յղեր է ԱՄՆի Օրէնսդիր Մարմիններուն, որուն բովանդակութիւնը լոյս տեսաւ «Պայքար» թերթի 22 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր համարին մէջ։ Այս առիթով «կոչ»ը կը խօսի միմիայն Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, պղատոնական, ապաքաղաքական ճանաչումին մասին, փոխանակ՝ այս տեղին առիթով, խօսելու նաեւ՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռին գործադրութեան անհրաժեշտութեան մասին, որուն դարադարձն է 2020 թուականը…, նաեւ՝ Սեւրի Դաշնագրին։
Անշուշտ չենք ըսեր թէ՝ այս բացթողումը գիտակցուած է, այլ՝ մոռացուած։ Իսկ մոռացումը՝ գերեվարեալ Արեւմտահայաստանի եւ Սուրբ Արարատի, խիստ վտանգաւոր ախտանիշ մըն է, քանի որ հայրենի հողը՝ մեր հայու ինքնութեան անբաժանելի մասն է։ Ուրեմն, ասոր մոռացումը մահաբեր է հայապահպանումին, եւ մենք մեղաւոր ենք՝ երբ օտարը կիսով միայն ծանօթ է Մեծ Եղեռնի իրականութեան…։
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ