Կազմակերպութեամբ Ժպէյլի միջ-եկեղեցական մնայուն յանձնախումբին, կիրակի, 6 յունուար 2020-ին երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մար Եագուպ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու միութեան նուիրուած աղօթքի եւ խորհրդածութեան հանդիպում մը։ Յայտնենք, որ այս տարի նշեալ յանձնախումբին միացաւ նաեւ հայ առաքելական եկեղեցին, Թռչնոց բոյնի տեսչութեան ճամբով։
Նախաձեռնութիւնը սկսաւ աղօթքով, որ նախագահեց յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիւսիսային լիբանանի առաջնորդ Սալուան Մուսա եպիսկոպոսը, Հիւսիսային Լիբանանի եւ Ժպէյլ նահանգի առաջնորդ Ժորժ Պագունի եպիսկոպոսը, Ժըպէյլ նահանգի մարունի եկեղեցւոյ առաջնորդ Տէր Միշէլ Աուն եպիսկոպոսը եւ Լիբանանի հայոց թէմի քարոզիչ Տ․ Անանիա ծ․ վրդ․ Գուճանեանը: Հաւաքին յոյսի եւ խաղաղութեան մաղթանքներ կատարուեցան, որմէ ետք հոգեւորականները հանդիպումներ ունեցան՝ կատարելով խմբային աշխատանքներ:
Ներկաները բաժնուեցան չորս խումբերու։ Սալուան Մուսա եպիսկոպոսը ներկայացուց «Յոյսը երիտասարդութեան մէջ» նիւթը, Ժորժ Պագունի եպիսկոպոսը՝ «Քրիստոնէութեան վկայութիւնը այսօր Լիբանանի մէջ», Անանիա ծ․ վրդ․ Գուճանեանը՝ «Նահատակութեան եւ հալածանքի հասկացողութիւնը հայոց եւ ընդհանրապէս մարդկային կեանքէն ներս», իսկ Միշէլ Աուն եպիսկոպոսը՝ «Լիբանանը անցեալի եւ ներկայի միջեւ» նիւթը: Ներկայացումներու աւարտին տեղի ունեցան կարծիքներու փոխանակում: Աւարտին բոլոր մասնակիցները կրկին համախմբուեցան եկեղեցւոյ մէջ եւ իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուց իր մտահոգութիւնները: Փակման խօսքը կատարեց Միշէլ Աուն եպիսկոպոսը: