Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի 23 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3։00-5։00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարաններու արեւելում՝ մասնակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան, Լիբանանի ամերիկեան, Պալամանտ, Պէյրութի արաբական, Սեն Ժոզէֆ, Սաժէս, Ս. Հոգի, «Էն. Տի. Եու.», «Էյ. Եու. Էս. Թի.», Հայկազեան եւ Անտոնեան համալսարաններուն։ Արեւելումի հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները, որոնք հերթաբար հասան սրահ։
Սրահին մէջ իւրաքանչիւր սեղանի ետին տեղ գրաւած էր համալսարան մը, որ ցուցադրած էր իր համալսարանի վերաբերող գրքոյկներ, թերթիկներ եւ պրակներ։ Աշակերտները ուղղուեցան իրենց նախասիրած եւ զիրենք հետաքրքրող համալսարանի սեղանին մօտ, ուր այդ համալսարանի ներկայացուցիչը իրենց փոխանցեց տեղեկութիւններ, տուաւ ցուցմունքներ, ինչպէս նաեւ իրենց ներկայացնելիք թղթածրարին, արձանագրութեան եւ անոր ժամկէտին վերաբերող մանրամասնութիւններ։ Աշակերտները ծանօթացան նաեւ համալսարաններու ընդունման պայմաններուն, դիմումնագիրներ ներկայացնելու պայմանաժամերուն, կրթանպաստներուն, իւրաքանչիւր համալսարանէն ներս դասաւանդուող մասնագիտութիւններուն։ Իւրաքանչիւր համալսարանի ներկայացուցիչ աշակերտներուն տրամադրեց նաեւ իր համալսարանի քարոզչական թերթիկը, մասնագիտութիւններու տեւողութիւնը, սակերը եւ զեղչերու պայմանները։