Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Ազգային Առաջնորդարանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Սանթա Մարիա» Բուժարան

Հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ հոգեշնորհ տ․ Անանիա ծ․ վրդ․ Գուճանեան, ընկերակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ պրն․ Րաֆֆի Տէմիրճեանին եւ ընկերային ծառայող օրդ․ Մարիա Եագուպեանին այցելեց «Սանթա Մարիա» բուժարանի Հալաթի եւ Աննայայի կեդրոնները։

Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ կեդրոնի տէր եւ տնօրէն պրն․ Ժոզէֆ Հարըպի հետ, որ մօտէն ներկայացուց բուժարանի գործունէութիւնը։ Ապա հայր սուրբը շրջագայեցաւ կեդրոններուն մէջ՝ մօտէն ծանօթանալու կառոյցին եւ աշխատանքներուն։ Այս առիթով, պատուիրականութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բուժարանի հայ պարագաներուն հետ՝ գիտնալու ենթականերու առողջապահական վիճակը, դժուարութիւնները եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութիւնը։

Հաւաքին պրն․ Ժոզէֆ Հարըպ մեծապէս գնահատեց Ազգային առաջնորդարանի հոգատարութիւնը՝ հասնելու հոգեկան, ֆիզիքական եւ մտային դժուարութիւններ ունեցող պարագաներու կարիքներուն։ Իր կարգին, Անանիա ծ․ վրդ․ Գուճանեան յայտնեց, որ Առաջնորդարանը յառաջիկային Ընկերային բաժանմունքին ճամբով յատուկ աշխատանքներ պիտի տանի՝ կարելի սահմաններուն մէջ նեցուկ կանգնելու «Սանթա Մարիա» կեդրոնին մէջ գտնուող հայ պարագաներուն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին