Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Առաջին Քայլը

Մարդ իր պէտքին հետամուտ կ՛ըլլայ քանի որ անոր իրագործուելուն մէջ կը խորհի գտնել իր հանգիստը այս խռոված ու վազէ-վազէ աշխարհին մէջ, ուր ինք ալ իր իսկ ներգործումովը իմաստաւորած է: Հուսկ՝ բնածինն ու ստացականը ձեռք ձեռքի կ՛ընթանան լարելով կեանքը առ այդ: «Գիտութիւնը լոյս է» կ՛ըսեն, եւ իրաւ է կը կարծուի թէ վիճելու տեղիք չկայ. Սակայն քանի որ մարդ մարդէ կը տարբերի, «լոյս»ը երբեմն կ՛աղօտի, երբեմն կը ժխտուի, երբեմն կ՛անհետի ըստ դիտողին: «Առաջին ուիսքին կը թուի ըմբոստացնող, առաջին ծխամորճը կը վանէ նոյնիսկ ուժեղ  ստամոքսը, առաջին Շեքսբիրեան հնչեակները կը թուին անիմաստ, առաջին ֆիւկերը  Պախի` ձանձրացուցիչ: Առաջին համբոյրը անմոռանալի» այս վերջինը գէթ ինծի համար չէ: Մոռցած եմ: Թէեւ ուրախ չեմ այդպէս ըլլալուն, քանի որ ժխտական բան մը գոյութիւն ունենալու  է: Ինչ եւ է: Սակայն առաջին գինարբուքը՝  անմոռանալի  է. Անակնկալը, ընկերակցութիւնը, վայրը, մթնոլորտը ժամանակը ու տարիքը, համոյթ մը որ կարելի չէ մոռնալ:

Զատկուան արձակուրդային օր էր. երեկոն բաւական մթնած: Առանձին էի տան մէջ: Յանկարծ պատուհանները, կողմնակի եւ տան մուտքին, ցնցուեցան արագ հարուածներով: Զարմանքս մեծ եղաւ երբ տեսայ դասընկերներս էին այցելուները որոնք առանց հարց ու փորձի զիս առին իրենց հպատակութեան տակ ու «Կ՛երթանք կոր պիտի խմենք» ըսելով ճամբայ ինկանք: Բայց ու՞ր, ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս հարցումիս պատասխանուեցաւ  գործնականօրէն. Հանդիպեցանք առաջին խանութին ու երկու շիշ գինի առին չորս շալիմոյով…եւ ուղղուեցանք յարաբերաբար անլոյս փողոց տանող ճամբայ, անկէ անցնելու համար պողոտայ որ այդ տարիներուն արդէն լուսաւորուած չէր: Լուսնի լոյսը կամ աստղերը կ՛ըլլային ցուցմունք: Երկու կողմերը այսօրուան շէնքերու փոխարէն կային պարտէզներ:

Օդը զով ու հաճելի քնքշանքով կ՛օրհնէր մեր պտոյտ-գինարբուքը չորս շալիմոյով: Աչքէ հեռու: Այլապէս արձակուրդէն ետք կրնայինք Պրն. Տնօրէնին սահմանած պատիժին ենթարկուիլ գուցէ եւ կախակայութեամբ. Ով գիտէ: Դանդաղ կը քալէինք ի հարկէ ոչ մեռելաթաղի նման այլ՝ արտասանութիւն, երգ, մեզի համեմատ կատակախառն ընթացքով  երբեմն զիրար խաչաձեւելով. Վերջապէս գինիի անվարժ պատանիներ էինք որ զգալի կ՛ըլլար փոխնիփոխ երգերու եւ արտասանութիւններու  ընտրութեան մէջ երբ  արդէն վաղուց շալիմօները  օդ կ՛արտահանէին քիչ ետք թափուելու համար. մինչ երեկոն օծուեցաւ բնութեան մեղմ ու օրօրուող անձրեւով որ գարնանային բուրմունքով ալ կ՛օծէր երթը մեր տերեւներու շրշիւնով երաժշտական քաղցրութիւնով մը կը պարուրէր կենդանի  մեր երեկոն …անմոռաց:         Առաջին գինարբուքը դասընկերական քառեակով: Որը եղաւ նաեւ վերջինը՝ անմոռացութիւնը շեշտելով:

Իսկ առաջին դասական եղանակը, մէկ այլ դասընկերոջս էի. Ըսաւ, Փոշ,         «Պէտք է սկսիս Շէհրազատով. Ռուս գոմբոզիթոր է եւ հաճելի» սկսանք ունկնդրել. Ինծի նորութիւն էր: Սիրեցի.Գուցէ եթէ Պախի ֆիւկերը ըլլային «ձանձրանայի»:

Այսպէս, կեանքի մէջ շատ «Առաջիններ» կան ե՛ւ դրական եւ ժխտական. Պէտք է դիմագրաւել, եթէ  կարելի է, հաւասարազօր ընկալութեամբ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին