Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Երուսաղէմի Մէջ Աստուածայայտնութեան Տօնակատարութեան

Ընդառաջելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանի հրաւէրին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան մեկնեցան Երուսաղէմ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Աստուածայայտնութեան տօնին առնչուած արարողութիւններուն:

Յայտնենք, որ հակառակ շրջանէն ներս ստեղծուած քաղաքական ու ապահովական դժուարութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան գործակցութիւնը կը շարունակուի եւ Նորին Սրբութիւնը միշտ կը շեշտէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան գործնապէս զօրավիգ կանգնելու հրամայականը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին