Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը երէկ կէսօրին արտակարգ ժողով մը գումարեց արժեւորելու եւ քննարկելու երկրին դիմակալած վերջին իրադարձութիւնները:
Այս առիթով ան խստիւ դատապարտեց արդար եւ խաղաղ ցուցարարներուն մէջ մխրճուած կարգ մը անկարգ տարրերու անպատասխանատու եւ խուլիկանական գործողութիւնները, որոնք սկսած են յաճախակի երեւոյթ դառնալ՝, վնաս հասցնելով առեւտրական եւ դրամատնային հաստատութիւններուն ինչպէս նաեւ հանրային սեփականութիւններուն: Նոյն ժամանակ մտահոգութիւն յայտնեց ի տես ապահովական ուժերուն՝ վերջին երկու օրերուն ընթացքին որդեգրած բռնի ուժի գործածութեան, որոնց զոհ գացին նաեւ խաղաղ ցուցարարներ ինչպէս նաեւ լրագրողական դաշտի մէջ աշխատողներ: Վարչութիւնը հասկացողութիւն յայտնելով հանդերձ այն դժուար կացութիւնը, որուն դէմ յանդիման կը գտնուին ապահովական ուժերը, աւելի եւս ինքնազսպում եւ հանդուրժողականութիւն մաղթեց անոնց:
Ժողովը զարմանք յայտնեց իշխանութեան կիրառած դանդաղ եւ իրականութենէն կտրուած գործելաձեւին նկատմամբ մինչ փողոցը կ՛երայ եւ երկիրը, թէ՛ ապահովական եւ թէ՛ տնտեսական մարզերուն մէջ արագօրէն դէպի անկում կ՛ուղղուի: Այս առիթով կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն այսօր իսկ կազմելու նոր կառավարութիւնը, հեռու ամէն տեսակի անձնական հաշիւներէ: Կառավարութիւն մը, որուն կազմը ժողովուրդին արդար ակնկալութիւններուն համեմատ դուրս գայ: Հակառակ պարագային մտահոգութիւն յայտնելով, որ բողոքի ցոյցերը աւելի թափ պիտի ստանան:
Ժողովին կարեւոր օրակարգ էր նաեւ ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ կուսակցութեան յաջորդ ամիսներու գործունէութիւնը եւ աշխատելաոճը ճշդելը: Առ այս, որոշուեցաւ կուսակցական քատրերու մասնակցութեամբ ընդլայնուած ժողով մը գումարել յաջորդ շաբաթ:
Աշխատանքային նոր տարուայ մը սեմին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ կուսակցական նոր անդամաքարտերը, որոնք վարչութեան գանձապահին ձեռամբ դիմող շարքայիններուն պիտի յանձնուին յառաջիկայ Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ:
Ներկայ դժուարին օրերը միասնաբար դիմակալելու եւ շրջանցելու համար, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը հաստատեց, որ իր ընկերային հարցերու գրասենեակը աւելի եւս կազմակերպուած կերպով իր պարտականութիւնները կը շարունակէ կատարել Թէքէեան Կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան