Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը արտակարգ ժողով մը գումարեց

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը երէկ կէսօրին արտակարգ ժողով մը գումարեց արժեւորելու եւ քննարկելու երկրին դիմակալած վերջին իրադարձութիւնները:

Այս առիթով ան խստիւ դատապարտեց արդար եւ խաղաղ ցուցարարներուն մէջ մխրճուած կարգ մը անկարգ տարրերու անպատասխանատու եւ խուլիկանական գործողութիւնները, որոնք սկսած են յաճախակի երեւոյթ դառնալ՝, վնաս հասցնելով առեւտրական եւ դրամատնային հաստատութիւններուն ինչպէս նաեւ հանրային սեփականութիւններուն: Նոյն ժամանակ մտահոգութիւն յայտնեց ի տես ապահովական ուժերուն՝ վերջին երկու օրերուն ընթացքին որդեգրած բռնի ուժի գործածութեան, որոնց զոհ գացին նաեւ խաղաղ ցուցարարներ ինչպէս նաեւ լրագրողական դաշտի մէջ աշխատողներ: Վարչութիւնը հասկացողութիւն յայտնելով հանդերձ այն դժուար կացութիւնը, որուն դէմ յանդիման  կը գտնուին ապահովական ուժերը, աւելի եւս ինքնազսպում եւ հանդուրժողականութիւն մաղթեց անոնց:

Ժողովը զարմանք յայտնեց իշխանութեան կիրառած դանդաղ եւ իրականութենէն կտրուած գործելաձեւին նկատմամբ մինչ փողոցը կ՛երայ եւ երկիրը, թէ՛ ապահովական եւ թէ՛ տնտեսական մարզերուն մէջ արագօրէն դէպի անկում կ՛ուղղուի: Այս առիթով կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն այսօր իսկ կազմելու նոր կառավարութիւնը, հեռու ամէն տեսակի անձնական հաշիւներէ: Կառավարութիւն մը, որուն կազմը ժողովուրդին արդար ակնկալութիւններուն համեմատ դուրս գայ: Հակառակ պարագային մտահոգութիւն յայտնելով, որ բողոքի ցոյցերը աւելի թափ պիտի ստանան:

Ժողովին կարեւոր օրակարգ էր նաեւ ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ կուսակցութեան յաջորդ ամիսներու գործունէութիւնը եւ աշխատելաոճը ճշդելը: Առ այս, որոշուեցաւ կուսակցական քատրերու մասնակցութեամբ ընդլայնուած ժողով մը գումարել յաջորդ շաբաթ:

Աշխատանքային նոր տարուայ մը սեմին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ կուսակցական նոր անդամաքարտերը, որոնք վարչութեան գանձապահին ձեռամբ դիմող շարքայիններուն պիտի յանձնուին յառաջիկայ Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ:

Ներկայ դժուարին օրերը միասնաբար դիմակալելու եւ շրջանցելու համար, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը հաստատեց, որ իր ընկերային հարցերու գրասենեակը աւելի եւս կազմակերպուած կերպով իր պարտականութիւնները կը շարունակէ կատարել Թէքէեան Կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ:

 

Տեղեկատուական Գրասենեակ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին