Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակը

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Ճօզէֆ Եպիսկոպոս Սբիթէրին:

Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ողջոյնները եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները պարունակող նամակը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին Պապական նուիրակէն խնդրեց իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին ու յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը գործակցական նոյն ոգիով կը շարունակուին յատկապէս միջ-եկեղեցական մարզէն ներս:

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ կարծիքներ փոխանակելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը ու յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին