Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ռուսիոյ Կառավարութիւնը Հրաժարական Տուաւ

Ռուսիոյ կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ Սահմանադրութեան 117-րդ յօդուածին համապատասխան: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը, յայտնած Է ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվւետեւը, կը տեղեկացնԷ «Արմենփրես»-ը:

ԹԱՍՍ-ը կը նշԷ, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհակալութիւն յայտնած է Մետվետեւին կառավարութեան աշխատանքին համար:

«Կը ցանկամ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել ինչ որ կատարուած է մեր համատեղ աշխատանքի այս փուլին, կը ցանկանամ գոհունակութիւնս յայտնել այն արդիւնքներուն համար, որոնք ձեռք բերուած են»,-ըսած Է նախագահը Կառավարութեան տան մէջ նախարարներու հետ կայացած հանդիպման ժամանակ:

«Ամէն ինչ չէ, որ յաջողեցաւ ընել, բայց երբեք ամէն ինչ չի ստացուիր ամբողջ ծաւալով»,-աւելցուցած Է պետութեան ղեկավարը:

Փութինը կառավարութեան հին կազմին յանձնարարած Է կատարել պարտականութիւնները մինչեւ նոր կառավարութեան նշանակումը:

Ինչպէս կը նշուի, նախագահ Փութին Մետվետեւին առաջարկած Է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալի պաշտօնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին