Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Հասսան Տիապն է Նշանակեալ Վարչապետը եւ Իր Դերն է Նոր Կառավարութիւն մը Կազմել Զինք Անուանողներուն Հետ. Սաատ Հարիրի

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտարարեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը լիովին կը կատարէ իր սահմանադրական պարտականութիւնները, սպասելով նոր կառավարութեան մը կազմութեան:

Հարիրի իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանական պլոքի ընդլայնուած ժողովին ընթացքին, որուն ներկայ եղան հոսանքին նախկին նախարարներն ու երեսփոխանները:

Հարիրիի յայտարարութիւնը անուղղակի պատասխանն էր բոլոր անոնց, որոնք զինք կը մեղադրէին կառավարութիւնը անգործութեան մատնած ըլլալու մեղադրանքով:

«Մենք աւելի եւս պիտի աշխատինք, սակայն կարեւորը նոր կառավարութեան մը կազմութիւնն է». ըսաւ Հարիրի: Ան աւելցուց, որ նորանշանակ վարչապետ Հասսան Տիապին պարտականութիւնն է շուտով կառավարութիւն մը կազմել զինք անուանողներուն գործակցութեամբ:

Նախագահ Աուն իր կարգին հեռասփռուած խօսքով մը հանդէս եկաւ, որուն մէջ ան շեշտեց, որ անցնող 30 տարիներուն ընթացքին կուտակուած սխալներն են, որ պատճառ հանդիսացան այս վիճակին: Ան տնտեսական տագնապին պատասխանատու նկատեց շարք մը արտաքին եւ ներքին ազդակներ, յոյս յայտնելով, որ Լիբանան պիտի կարենայ շրջանցել այս տագնապը:

Կառավարութեան կազմութեան ուշացումը արդարացնելով ան ըսաւ, որ շարք մը արգելքներ պատճառ հանդիսացան անոր ուշացումին սակայն նաեւ կարեւոր է ճիշդ անձերը նշանակել նախարարի պաշտօնին վրայ ինչ, որ ժամանակ կը խլէ:

Մինչ երկրին մէջ նոր կառավարութիւն կազմելու տագնապը կը շարունակուի Լիբանանի տարածքին բողոքի ցոյցեր կատարուեցան երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին: Ցոյցերուն զուգահեռ հարիւրաւոր երիտասարդներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ փակեցին տասնեակ ճանապարհներ։ Փակուեցան Հազմիէի, Ժէիթայի, Զուք Մոսպէհի, Զահլէի, Ժալ էլ Տիպի, Նահր էլ Մոթի, Ռինկի եւ Պէյրութի գլխաւոր մարզակայան տանող ճանապարհները։ Կարգ մը շրջաններու մէջ ցուցարարները անիւներ վառելով փորձեցին փակ պահել ճանապարհները: Այս միջոցառումը, անդամալուծեց երկիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին