Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Շեշտէ Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան Կարեւորութիւնը.

Տօնական օրերու շնորհաւորանքի ինչպէս նաեւ Լիբանանի ընկերային դժուարին կացութեան մասին քննարկումներու առումով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան այցելեց Լիբանանի Ընկերային Հարցերու Նախարարութիւն ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեանի հետ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ Լիբանանի ժողովուրդը յուզող հարցեր:

Տոքթ. Գույումճեան ընկ. Յակոբեանին մօտէն ծանօթացուց իր գլխաւորած նախարարութեան աշխատանքային դաշտը եւ դիմագրաւած խնդիրները: Ան տեղեկացուց, որ վերջին շրջանին կարելի եղած է պէտքերը հոգալ Լիբանանի տարածքին գործող ընկերային եւ մարդասիրական հաստատութիւններուն անոնց հասցնելով բաւական ատենէ ի վեր սառեցուած ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ տուեալ հաստատութիւններուն բաժին ինկող նիւթական յատկացումներուն մեծ մասը:

Ընկ. Յակոբեան դրուատիքով խօսեցաւ Պրն. Նախարարին կենսունակ աշխատելաոճին մասին, որուն միջոցաւ ան կարողացաւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ՝  իր գլխաւորած նախարարութեան պիւտճէական նուազագոյն պայմաններով,  առաւելագոյնս աշխատանք տանիլ հասնելու երկրին ընկերային հարցերուն առնչուող իւրաքանչիւր մանրամասնութեան եւ խնդրին: Ընկ. Յակոբեան շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մէջ, ուր  տնտեսական տագնապը աւելի եւս կը շեշտուի ամէն օր, Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան կարեւորութիւնը շատ մեծ է ու աւելի քան կենսական:

Սեւակ Յակոբեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին