Երէկ առաւօտ Խորհրդարանի Նախագահ Նապիհ Պըրրի յայտարարեց, որ իր ներկայացուցած Ամալ կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ:
Ազգային Ազատ Կուսակցութիւնը նոյնանման որոշում մը կայացուցած է:
Այս իրավիճակը կը դժուարացնէ նշանակեալ Վարչապետ Հասսան Տիապի գործը, որ նման պարագայի մը կը կորսնցնէ քաղաքական հիմնական կողմերու հովանաւորութիւնը կառավարութիւն մը կազմելու ու անոր կեանքը ապահովելու:






