«Թէպէտ մենք փոքր ածու ենք եւ շատ սահմանափակ թիւով,
ու զօրութեամբ թոյլ, եւ շատ անգամ օտար թագաւորութեան տակ նուաճուած,
բայց եւ այնպէս մեր աշխարհին մէջ ալ քաջութեան շատ գործեր կան գործուած, գրելու եւ յիշատակելու արժանի…»:
Մովսէս Խորենացի
Հայ գիրքը կը կազմէ հայ մշակոյթի անբաժան մէկ մասը: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն պատկանող եւ համակիր՝ անցեալի եւ ներկայի բազմաթիւ մտաւորականներ հրատարակած են գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ խոհեր ՌԱԿի մասին՝ իբրեւ կուսակցութիւն եւ որպէս հայ մշակոյթի դրսեւորում:
Անոնց ամբողջութիւնը կը կազմէ ՌԱԿի գրադարանը, որուն ֆիզիքական կամ գոնէ ելեկտրոնային մէկտեղումը կարեւոր բան է մեր կուսակցութեան պատմութեան համար:
Այս բանին գիտակից, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 100ամեակի սեմին «ՌԱԿ Մատենաշար»ը ձեռնարկեց ՌԱԿ Ելեկտրոնային Գրադարանի մը գոյառումին, որ օգտուելով ժամանակակից արհեստագիտութեան բարիքներէն, կը նպատակադրէ ՌԱԿի գրադարանի առ ցանց տարբերակ մը ստեղծել՝ հասանելի բոլոր ընթերցողներուն անխտիր, աշխարհի որ ծայրն ալ գտնուին անոնք:
Սոյն գրադարանին ցանկը հիմնուած է մատենագիտական այն օգտաշատ աշխատանքին վրայ, որ նախաձեռնած էր մեր երիտասարդ գործընկերը՝ Պետրոս Թորոսեանը, որուն տրամադրած ցանկը ատենին հրապարակած էինք մեր թերթերուն մէջ: Ան իր աշխատասիրութեան նախաբանին մէջ նշած էր. «Սոյն համառօտ մատենագիտութեամբ կը ներկայացնենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ զայն բաղկացնող կազմակերպութիւններու ու անձնաւորութիւններու վերաբերեալ ինչպէս նաեւ Հայկական Դատին նուիրուած Կուսակցութեան հրատարակութիւններու ցանկը: Ամբողջական մատենագիտութիւն մը ներկայացնելու յաւակնութիւնը չունինք անշուշտ: Հետեւաբար հաւանական է, որ կարգ մը գիրքեր վրիպած ըլլան մեր ուշադրութենէն»:
Մեր գործընկերոջ ազնուօրէն նշած վրիպումները կարելի եղածին չափ փորձելով ամբողջացնել, մենք որոշեցինք այդ մատենագիտութենէն օգտուելով ու քայլ մըն ալ անդին երթալով ստեղծել նշեալ գրադարանը: Գրադարանի գիրքերուն ելեկտրոնային տարբերակները պատրաստեցինք «ՌԱԿ Մատենաշար»ի միջոցներով: Կարգ մը շատ հին հրատարակութիւններուն պարագային օգտուեցանք Հայաստանի Ազգային Գրադարանի հետ մեր գործակցութենէն:
Ցարդ մեր գրադարանին մէջ զետեղուած են ՌԱԿի վերաբերող աւելի քան 10 գիրքերու ելեկտրոնային տարբերակները, որոնց մասին կը նշենք հետեւեալ տողերուն մէջ.
Էօրտէքեան Յովիկ, ՌԱԿ-ի Մամուլի Խմբագիրները, Երեւան, Տպ. Տիգրան Մեծ հրատարակչատուն, 2005,131 էջ:
Ծրագիր Ազատական Կուսակցութեան, Կ. Պոլիս, 1921, 8 էջ:
Ծրագիր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Կ. Պոլիս, 1922, 10 էջ:
Կանոնագիր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանակին, Պոսթոն, Մէս., Տպ. «Ազգ-Պահակ», 1922. 19 էջ:
Ղազարեան Վաչէ, Արմենական Կուսակցութիւնը (Ակնարկներ), Հրտ. ՌԱԿ Լիբանանի Քարոզչական Յանձնախումբ, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1985, 65 էջ:
Ոսկեան Մարտիրոս, Եգիպտահայ Տարեցոյցը 1919, Տպգ. Արամ Ստեփանեան, Աղեքսանդրիա:
Պօղոսեան Յակոբ, Ռամկավարութեան Ոգին կամ Անհատականութեան Զարգացումը, Պոսթըն, Տպ. Ազգ, 1920, 49 էջ:
ՌԱԿի Խօսքը Մամուլի Ընդմէջէն (1988-1991) կազմեց Եղիա Գայայեան Հրտ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Նիկոսիա 2003, 228 էջ:
Տամատեան Միհրան, Ռամկավարութիւն, աշխատասիրեց Մ. Տամատեան հետեւողութեամբ Հանրի Միշէլի, Մօրիս Պուրկէնի եւ Բրէվօ-Բարատօլի, Հրտ. Ռամկավարական Մատենաշար թիւ 2, Աղեքսանդրիա, Տպ. Խնայողական, 1910, 158 էջ:
Նշեալ գիրքերը կարդալու համար կարելի է այցելել`
www.ragmamoul.net/ adlp-elibrary/
Ինչպէս նաեւ այցելել մեր գրադարանին ֆէյսպուքեան էջը՝
www.facebook.com/ADLPelibrary/
Վերի ցանկին իւրաքանչիւր գիրքին կողքին զետեղեցինք անոր QR ծածկագիրը առիթը տալու մեր տպագիր թերթին ընթերցողներէն փափաքողներուն, զայն որպէս հարթակ օգտագործել՝ ուղղուելու համացանց:
Մենք յանձնառու ենք պարբերաբար հարստացնել մեր գրադարանը հոն աւելցնելով մեր նպատակադրած գիրքերէն նոր օրինակներու ելեկտրոնային տարբերակները, յուսալով որ մեր ելեկտրոնային գրադարանը կ՛ամբողջանայ տարուայ մը ընթացքին: Մեր բոլոր յաւելումներուն մասին պարբերաբար հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահենք:
Մենք ալ մեր կարգին կը խոստովանինք, որ մեր ցանկը, ո՛չ մէկ ատեն ամբողջական կրնայ ըլլալ: Այս պատճառով կ՛ապաւինինք մեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն, որոնցմէ կը խնդրենք մեր տրամադրութեան տակ դնել իրենց հասողութեան մէջ գտնուող՝ ՌԱԿի վերաբերող ոեւէ գիրքի տպագիրը կամ անոր ելեկտրոնային տարբերակը, որպէսզի միասնաբար հասնինք մեր առաքելութեան ամբողջական իրագործումին:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«ՌԱԿ Մատենաշար»ի Տնօրէն