Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Լուռ Մաղթանք

Մարդկային բնութիւնը ստեղծագործ է ե՛ւ յարափոփոխ ե՛ւ ձեւափոխուող՝ հնարամտութեան չափով. Անոնցմէ ամէնէն շեշտուած ու առատազեխուածը այս օրերու մէջ, մաղթանքներն են որոնք գունագեղ  թիթեռնիկներու պէս կը թռչկոտին եւ սակայն նոյնպէս կարճատեւ եւ շուտով կը խամրին սակայն այդ վայրկեանին իսկ ազդեցութիւն կ՛ունենան մարդու սիրտին մէջ, ինչպէս սիրուած երաժշտութիւն մը որ կը գոհացնէ մինչ կը թեւածէ ու կը հասնի իր մայրամուտին: Լսած ըլլալու հաճոյքի ու գոհունակութեամբ լի առիթներ չեն պակսիր տարեդարձներու, վկայեալներու, նոր պաշտօններ ստանձնողներու, անուանակոչումներու առիթներով. Սակայն գլխաւոր եւ համընդհանուր առիթը, Կաղանդն է, Նոր Տարին, որուն կ՛ընկերանայ նաեւ՝ Քրիստոսի Ծնունդը: Մաղթանքները այդ շրջանին կը յորդին ինչպէս Նեղոսը, Եփրատն ու Տիգրիսը. Բան մը որ գետերու յատուկ է. Իսկ վերջերս ալ Ցունամի ըսուածը որ ծովեզերեայ շրջաններու  բնակչութեան արհաւիրքն է. Բնութիւնը եւս ունի իր բարկութիւնն ու փափկութիւնը, իր օրինաչափութիւնները՝ ինչպէս է եւ մարդ արարածը:

Մաղթանքներ ուղարկողներն իսկ շատ հաւանաբար չեն հաւատար անոնց իրականացումին, քանի  որ պարտաւորեցնող կողմ ունի նաեւ, որ կը ծանրանայ ընդունողին ուսերուն:

Ինչքա՜ն ընդունուած ու կրկնուող երեւոյթներ, վարուելակերպեր, խօսելակերպեր, բառապաշարներ կան որոնք սկսած են ու կը շարունակուին ժպտալով, արդէն աւանդութիւն դարձած են ու կը շարունակուին. Ասոյթ մը կայ.- «Մեղր չունիս, մեղր լեզու՞ ալ չունիս». Բայց այս վերջինը այնքան առատ է ու ձրի. Ձրի՝ ու փոխադարձաբար կը բաշխուի: Ամէնէն աւելի հոգեշոյող ու շրջագայող բառը՝ ՍԷՐն է.այնքան հաճելի լսողութեան, ինչպէս տեսողութեան՝ պարուհի մը, հոգեմտայինին՝ բանաստեղծութիւնը, եւ սակայն օրը իրիկուն չեղած իրիկնային մութէն ալ առաջ կ՛անհետի, թողելով ապրած ըլլալու խաբուսիկ երջանկութիւնը, որ ամէն պարագայի հոգիի թեթեւութեան պահ տածելէ չի դադրիր:

Ճշմարտութիւնը խիստ ու չոր բռնակալ մըն է. Կեանքի դաժան  իրականութեան պէս ինչպէս ցուրտը, ինչպէս փոթորիկը ու նոյնքան դաժան՝ արեւու կրակը անապատի անտանիք երկինքին տակ.  Ուստի, հակակշռելու է մին քաղցր շողերով արեւի, բաժակին երեսէն ժպտացող կարմիր գինիով, մերթ պատսպարելով մաղթանքներով անկարելի՝ բայց կարելի թուացող, եւ  յոյսովը գալիքին, որ, ո՜վ գիտէ ինչ զգեստով պիտի ներկայանայ. Սպիտա՞կ, սե՞ւ, կանա՞չ թէ՝ կարմիր կապոյտ ծիրանագոյն:

«Երանի նրան, ում հայրենական…» (Ընթերցողի բաժին):

Սարգիս Փոշօղլեան

«Զարթօնք»Ի Աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին