Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Յորդանանի Մէջ Կայացած Երիտասարդական Ֆորումին

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) եւ «Ալ Հայաթ» Քաղաքացիական Հասարակութեան Զարգացման կազմակերպութեան, 20-22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ընթացք առաւ «Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Համար Արաբական Երիտասարդական Ֆորում»ը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տէտէեանը։

Եռօրեայ այս համագումարին մասնակցած էին արաբական աշխարհի մէջ գործող զանազան մշակութային եւ կրօնական կազմակերպութիւններէ 90 երիտասարդ ներկայացուցիչներ, որոնք տարբեր նիստերու ընդմէջէն արծարծեցին երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան եւ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը Արաբական երկիրներուն մէջ։

Համաժողովի աւարտին, մասնակիցները կազմեցին երկխօսութեան յանձնախումբ մը, որ պիտի աշխատի տարբեր շրջանակներէ երիտասարդներ համախմբել՝ ամրապնդելու համար հանդուրժողականութիւնը տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու հանդէպ։ 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին