Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայրապետական Սուրբ Պատարագ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցիին Մէջ

Յունուարի 6-ին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնին առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Պատարագ մատուցեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցիին մէջ:

Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը, պետական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Հայ Եկեղեցուոյ բարերարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, կրթական, գիտական եւ մշակութային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի տարբեր մարզերէն ժամանած ուխտաւորներ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն կազմուած խաչվառազարդ թափօրը «Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեան ներքոյ հայրապետական իր օրհնութիւնը հաւատաւոր ժողովրդին բաշխող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սուրբ Տրդատի մատուռէն առաջնորդեց դէպի խորան: Սուրբ Պատարագին որպէս առընթերականեր կը սպասաւորէին Մայր Աթոռի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանն ու Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերշ. Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Պապայեանը։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» հրեշտակաբարբառ աւետիսով ողջունեց աշխարհասփիւռ հայութեանը եւ տօնին առիթով յղեց իր պատգամը:

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնեց ջուրը: Խաչի այս տարուայ կնքահայրն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերար, Միլանի (Իտալիա) հայ եկեղեցական վարչութեան ատենապետ Սարօ Խուտաւերտեանը:

Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ իր օրհնութիւնն ու Սուրբ Ծննդեան կենսարար աւետիսը փոխանցեց ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին