Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայաստան Կողմնակից Է Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Իրադրութեան Խաղաղ Միջոցներով Լիցքաթափման

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց վերջին շրջանին Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն գծով եւ նշեց, որ Հայաստան հանդէս կու գայ բացառապէս խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափման դիրքերէն։

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ այդ իրադարձութիւնները, որոնք մարդկային զոհեր պատճառեցին, կրնան սպառնալ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապակայունացնել իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ու անկէ դուրս, ուստի Հայաստանի դիրքորոշումն է խաղաղ միջոցներով լուծել հարցերը։ «Հայաստանը պիտի շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ իր բոլոր գործընկերներուն հետ՝ ի շահ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան»,- նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

5 Յունուարին, իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեան եւ Ժաուատ Զարիֆ ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը։ Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Նախարարները քննարկեցին վերջին օրերուն Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու անոնց լոյսին տակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Մնացականեան Հայաստանի կառավարութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեային մահուան առիթով: Ան կարեւոր նկատեց հետագայ լարուածութեան կանխումը եւ խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ համագործութիւնը իր բոլոր գործընկերներուն հետ, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ:

Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 3 Յունուարին խորհրդակցութեան հրաւիրեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպանները՝ շրջանին մէջ ծաւալող իրադարձութիւններու լոյսին տակ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին