Մեծ թիւով միջազգային, թէ տեղական լրատուամիջոցներու լրագրողներու ընդառաջ Ռէնօ-Նիսան ինքնաշարժներու ընկերութեան նախկին նախագահ՝ ծագումով լիբանանցի Քարլոս Ղոսըն, Պէյրութի մէջ երէկ մամլոյ ասուլիս տուաւ:
Ան իր ելոյթով ինչպէս նաեւ լրագրողներուն հարցերուն պատասխանելով բացատրութիւններ տուաւ Ճափոնի մէջ ձերբակալման, բանտարկութեան, դատավարութիւններուն եւ ապա տնային կալանքէն փախուստի դիմելուն մասին:
Ան իր խօսքին մէջ ծանր արտայայտուեցաւ Ճափոնի դատական համակարգին մասին եւ մերժեց ու հերքեց դրամական իւրացումներու ամբողջ թղթածրարը, որուն հիման վրայ ինք կը դատուէր, զանոնք նկատելով, որպէս յերիւրանքներ:






