Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Տօնական Օրերուն Արցախի մէջ Լոյս Աշխարհ Եկած է 46 Փոքրիկ

2020ի Յունուար 1-7 Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է 46 ծնունդ՝ 27 տղայ եւ 19 աղջիկ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն» ՓԲԸ գործադիր տնօրէն Վարդգէս Օսիփովը՝ նշելով, որ 2019-ի նոյն ժամանակահատուածին Արցախի մէջ գրանցուած էր 39 երեխայ:

Անոր խօսքով՝ 2020 Յունուար 1-7 Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ արձանագրուած է 39 ծնունդ, որուն 21-ը՝ տղայ, իսկ 18-ը՝ աղջիկ:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան վիճակագրական-վերլուծական բաժինի վարիչ Ագապի Հայրունին, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ նոյն ժամանակահատուածին Մարտակերտի բժշկական հաստատութեան մէջ արձանագրուած է 4 ծնունդ (տղայ), Հադրութի, Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի բժշկական միաւորումներուն մէջ ալ մէկական աղջիկ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին