Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ս. Ծնունդը Արցախի Մէջ

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Յունուար 6-ին երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ միասին Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր տաճարին մէջ մասնակցած է Սուրբ Ծննդեան տօնի առիթով մատուցուած սուրբ պատարագին:

Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 Յունուարին գլխաւորած էր աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ Հանրապետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։

Քննարկուած են երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է տօնական օրերուն հանրապետութեան բնականոն կեանքի ապահովումը՝ հաստատելով, որ սահմաններուն վրայ իրավիճակը ամբողջական վերահսկողութեան տակ է, եւ պաշտպանութեան բանակը լիովին կը կատարէ իր առաքելութիւնը։

Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանմամբ եւ բոլոր վիճելի հարցերը խաղաղ ուղիով հանգուցալուծելու։

Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է  շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:

Վերոյիշեալ խորհրդակցութեան մասնակցած են  Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին