Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Հայկական Սուրբ Ծնունդին Նուիրուած Հեռատեսիլի Ոչ Առարկայական Ծրագրի Մը Մասին

Այսօր երեկոյեան Լիբանանեան MTV կայանը Լիբանանի հայերուն նուիրուած ծրագիր մը ներկայացուց Հայկական Սուրբ Ծնունդին առիթով:

Անդրադարձին համար շնորհակալ ըլլալով հանդերձ չենք կրնար լուռ մնալ անոր պատրաստութեան ոչ-առարկայական եղանակին մասին:

Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը (բացի անոր կրօնական, Հայկազեան Համալսարանին եւ միութիւններուն նուիրուած շատ կարճ բաժինէն) որ ըստ յայտարարուածին,  մասնակից էին նաեւ անոր նախապատրաստութեան, կը պատկանէին Լիբանանահայ կուսակցութեան մը, որ առիթը գտած էր իր անձնական փրոփականտը ընել: Բնականաբար կը հասկնանք այն պարագան, որ իւրաքանչիւրին իրաւունքն է ինքզինք ծանուցել երբ առիթը տրուի, բայց ինչ կը վերաբերի մեզի, կրնանք վստահեցնել, որ նոյնը պիտի չընէինք մանաւանդ Սուրբ Ծննդեան առիթով պատրաստուած ծրագրի մը ընդմէջէն:

Ի շարս կարգ մը հատուածապաշտ ելոյթներու, որուն ընթացքին լիբանանահայ մամուլն ալ ներկայացուեցաւ մէկ եւ միագոյն օրինակով, միեւնոյն ծրագրին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետը գնաց այն աստիճանին, որ ինքզինքին իրաւունք տուաւ յայտարարելու, որ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, իր պատկանած կուսակցութիւնն է, որ իմաստուն որոշումը առաւ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն որդեգրել, մինչ պատմական իրականութիւնը այն է, որ հայկական երեք կուսակցութիւններու միացեալ մարմինն էր, որ այդ որոշումը առաւ եւ գործադրեց:

Ինչ կը վերաբերի ծրագրին մակարդակին, նամանաւանդ անոր գեղարուեստական բաժնին, ներկայացուեցաւ անկապ երգերու շարք մը, Ս. Ծնունդի առիթով հազիւ ներկայացնելով ծննդեան ոգիով երգ մը միայն: Այս փաստը երեւի լաւագոյնս կը ներկայացնէ պատրաստութեան մասնակից կողմին գեղարուեստական մակարդակը եւ ոչ ամբողջ Լիբանանահայութեանը անշուշտ:

Կը մնայ շեշտել, որ սոյն յայտարարութեան նման արդար յստակացման կեցուածքները չեն, որ լիբանանահայութեան միասնականութեան վնաս կրնան հասցնել, այլ անոր առիթ տուող հատուածապաշտութեան երեւոյթն է, որ կրնայ նման անբաղձալի բանի մը առիթը տալ,  եթէ այս մասին բոլորս այլեւս չսթափինք եւ չանդրադառնանք:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին