Աշխարհի վրայ չկայ երգիչ մը, որ իր իր երգացանկին վրայ չունենայ Սուրբ Ծննդեան կամ Ամանորի մասին երգ մը, բայց Էլվիս Փրեսլին այն քիչ երգիչներէն է, որ ամբողջ ալպոմ մը ունի նուիրուած բոլորին համար ամենասիրելի տօներուն։ Նշեալ ալպոմին գլխաւոր երգը դարձաւ Պլու Քրիսթմըս երգը, որ ձայնագրուած է 1957ին։
Ժողովուրդը սիրեց այս երգին Էլվիսեան կատարումը: Երգը առաջին անգամ կատարուած էր 1948ին եւ մինչեւ Էլվիսը, զայն երգած էին տարբեր երգիչներ։ Երգին հեղինակներն են բանաստեղծ-երգահան Ճեյ Ճոնսընը եւ երգայարդար (composer) Պիլլի Հեյսը։ Երգին միտքը ծագած է Հեյսի մօտ, երբ 1948ի մէկ առաւօտուն, ան գնացքով կը մեկնէր աշխատանքի։ Անոր ձեռքին կար օրաթերթ մը, որ ողողուած էր Սուրբ Ծնունդի մասին յօդուածներով եւ գովազդներով։ Ան անմիջապէս մի քանի սեւագիր ըրաւ։ Երգի ամբողջական բնագիրը պատրաստ եղաւ քանի մը օր ետք: Ան զայն ցոյց տուաւ իր երգայարդար ընկերոջը՝ Պիլլի Հեյսին։ Հետագայ աշխատանքը ընթացաւ համատեղ։
40ականներու վերջը Միացեալ Նահանգներու մէջ արագ թափով կը զարգանար Պլուզ ոճը։ Blue անգլերէն բառը կ՛օգտագործուէր տխուր, ընկճուած հոգեվիճակ արտայայտելու համար։ Իսկ եթէ բառացի թարգմանութեամբ Պլու Քրիսթմըսը թարգմանաբար կը նշանակէ «Կապոյտ Սուրբ Ծնունդ», ուրեմն ան ունի «Տխուր Սուրբ Ծնունդ» իմաստը եւ կը պատմէ տխուր եւ ընկճուած հոգեվիճակով երիտասարդի մը մասին, որ ծննդեան լուսաւոր տօները կ՛անցնէ իրեն սիրելի աղջիկէն հեռու: Աղջիկ մը, որ իր հետ չի կիսէր իր զգացումները։
Երգը աւարտելէ ետք, հեղինակները զայն ուղարկեցին Նիւ Եորք՝ իրենց արտադրողին։ Սկզբնական շրջանին երգը ոչ մէկ երգիչ չէր ուզեր կատարել: Աւելի ուշ մէկ անգամէն զայն ձայնագրեցին քանի մը երգիչ՝ Տոյ Օտելլը, Հիւկօ Ուինթըրհալթերը, Էռնեսդ Թապը եւ Ռաս Մորկընը ։ Երգիչներէն իւրաքանչիւրը երգը կատարեց իրեն յատուկ ոճով։ Ժողովուրդին ուշադրութիւնը գրաւեց Էռնեսդ Թապի՝ քաունթրի ոճի կատարումը։ 50-ականներու կիսուն շատ երգիչներ Պլու Քրիսթմըսը ընդգրկեցին իրենց համերգային երգացանկին մէջ։
Էլվիսը շատ կը հաւնէր Թապի ստեղծագործութիւնները: Հետեւաբար այս երգին ընտրութիւնը շատ տրամաբանական էր։ Ան որոշած էր երգը կատարել Թապի պէս՝ դասական քաունթրի ոճով, սակայն անոր արտադրողը՝ Սթիւ Շոուլզը կը պնդէր, որ ան պէտք է ներկայացուի աւելի նոր, ժամանակակից մեկնաբանութեամբ, ինչ որ Էլվիսի սրտով չէր։
Բարկացած Փրեսլին որոշեց իր կամքին հակառակ տարբերակով երգ չարձանագրել: Այս բանին համար ան կրցաւ համոզել իր օգնական երգչուհիները (backvocalists) Միլլի Քըրքհեմին եւ Տը Ճորտընեյրիսին ձայնագրութեան ժամանակ երգը երգել անլուրջ ու այնքան տարօրինակ կերպով, որ Շոուլզը զայն լսելէ ետք ընդհանրապէս հրաժարի ձայնագրուած երգը տարածել։ Աղջիկները այդպէս ալ ըրին։ Եթէ լսենք ձայնագրութիւնը, Էլվիսին ձայնակցող աղջիկներու ձայնը աւելի ինչ-որ տարօրինակ կենդանիի կամ խաղալիքի նման է։ Ամբողջ ձայնագրման ընթացքին անոնք պարզապէս խենթութիւն կ՛ընէին։ Սակայն ձայնագրութենէն ետք Սթիւը այնքան հաւնեցաւ անոնց «այլընտրանքային» կատարումը, որ զայն ճիշդ այդպէս ալ պահեց ու թողարկեց «Էլվիսի Սուրբ Ծննդեան Ալոպմ»-ին մէջ, 15 Հոկտեմբեր 1957ին։ Երգի միայնակ (single) տարբերակը, յայտնի չէ ինչո՞ւ, թողարկուեցաւ 1964ին միայն, իսկ 2019ին Պլու Քրիսթմըս երգը մտաւ Billboard Hot 100 հիթշքերթին մէջ եւ զբաղեցուց 40րդ տեղը։
Էլվիսիէն ետք երգը վերաերգեցին բազմաթիւ երգիչներ եւ այսօր արդէն ոչ ոք չի յիշեր անոր առաջին՝ մինչեւ էլվիսը, կատարողներուն։
2008ին Մարթինա Մաքպրայթը ի տարբերութիւն միւս երգիչներուն, ոչ թէ պարզապէս վերաերգեց զայն, այլ երգը ձայնագրեց Էլվիսի հետ զուգերգի տեսքով։ Տեսահոլովակն ալ հոլոկրաֆիք մոնթաժի արդիւնքով ունեցաւ այնպիսի տեսք, կարծես անոնք իրական բեմի վրա զուգերգ կը կատարէին։
Ինպէս միշտ նշած ենք, լաւ երգերը ժամանակավրէպութեան թուական չունին։ Պլու Քրիսթմըսը եւս չունի նման ժամկէտ։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»իԱշխատակից