Վերջերս լիբանանցի հռչակաւոր երգչուհի Հիպա Թաուաժի նոր երգով մը հանդէս եկաւ, որուն խօսքին հեղինակն է՝ Ղատի Ռահպանի, երաժշտութիւնը հիմնուած է Carol of the Bells աշխարհահռչակ երգին երաժշտութեան վրայ, որուն վերադասաւորումը ըրած է Ուսամա Ռահպանին: (վարը գտնել երգին վիտէոյին QR ծածկագիրը):
Այո կրօնական, սակայն նաեւ յեղափոխաշունչ երգ մը արդարեւ, որ ունկնդրողին պայքարի կը մղէ եւ համահունչ է ներկայի մեր ապրած իրավիճակին հետ:
Ներշնչուելով այս երգէն եւ Ս. Ծննդեան վերանորոգման մթնոլորտէն եկէք բոլորս.
Ոտքի կանգնինք. ժամանակն է Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն բերելու:
Ոտքի կանգնինք. ժամանակն է փտածութեան դէմ պայքարելու:
Ոտքի կանգնինք. ժամանակն է մեր մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները վերականգնելու:
Ոտքի կանգնինք. ժամանակն է նոր եւ անկախ կառավարութիւն մը ունենալու:
Ոտքի կանգնինք. ժամանակն է կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններու:
Ոտքի կանգնինք. Ժամանակն է մեզմէ գողցուած իրաւունքներուն վերատիրանալու:
Ոտքի կանգնինք. Ժամանակն է վերածնելու ինչպէս Քրիստոս ծնաւ:
Ոտքի կանգնինք. Քրիստոսի Ծննդեան ժամանակը կ՛ապրինք:
Ոտքի կանգնինք եւ ուրախ ըլլանք հակառակ ամէն անհեթեթութեանց եւ դժուարին օրերու:
Ոտքի կանգնինք. վառենք մեր մոմերը ու Աստծու աղօթենք:
Դիմաւորենք մեծ յեղափոխական, նոյն ժամանակ խաղաղութեան իշխան Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ բոլորիս:
Լիբանանն ալ պիտի վերածնի ինչպէս Քրիստոս Ծնաւ Հալլելուա:
Բնագիրը՝ անգլերէն
ԿՐԷԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






