Անսալով լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կոչին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը իր բոլոր խումբերով նպաստահաւաք մը կազմակերպեց, լիբանանահայ տագնապահար հատուածներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու նպատակով:
Սնտուկներու մէջ ծրարուած օժանդակութիւնը կ’ընգրկէր ուտեստեղէն, առաջնայնութիւն ներկայացնող տեսակաւոր իրեր:
Նպաստները հաւաքելէ ետք, յաջորդական հինգ օրերու ընթացքին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի արենուշները, սկաուտները, երէցները քառավելները եւ խմբապետական կազմը միասնաբար, Պուրճ Համուտի, Խալիլ Պատաուի եւ Այն Մըրէյսիի հայ ընտանիքներուն բաժնեցին պատրաստուած սնտուկները: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի նախաձեռնած օժանդակութիւնը ունէր իր կարգախօսը՝ Ձեռք մեկնել Հայ Ընտանիքին, այսինքն՝ ծանր այս օրերուն, օգնել հայ ընտանիքին:
Վստահաբար, օժանդակութեան իւրաքանչիւր կաթիլը պիտի մեղմացնէ լիբանանահայ ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Նպաստահաւաքը տակաւին կը շարունակուի:
ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐժՈՒՄԻՆ
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ