Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Խմբագրական. Հաշուեյարդար. Ի՞նչ Ըրինք, Ի՞նչ Չկրցանք Ընել, Ի՞նչ Պիտի Ընենք

Պատասխանատու հաշուետուութեան մեր սկզբունքին վրայ հիմնուելով, դարձեալ մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ կը դնենք անցնող տարուայ «Զարթօնք»-ի գործունէութեանց հաշուեյարդարը:  Սոյն հաշուետուութեամբ պատմութեան համար ու անոր առջեւ կ՛արձանագրենք ու կը  խոստովանինք թէ ու՛ր յաջողեցանք, ու՛ր ձախողեցանք եւ ի՛նչ կը ծրագրենք յաջողեցնել այս տարի:

Ամէն աշխատող կառոյցի մը նման մեր առօրեայ գործունէութեան ընթացքին կարգ մը յաջողութիւններ ձեռք ձգեցինք, որուն համար հպարտ ենք եւ ուրախ մեր բարեկամներուն գնահատանքով: Ունեցանք նաեւ սայթաքումներ եւ բացթողումներ, որոնց համար քննադատուեցանք: Շինիչ քննադատութիւններէն շարունակեցինք սորվիլ, որուն համար  շնորհակալութիւնը կը յայտնենք զայն անաչառ կերպով կատարողներուն: Ինքնահաստատման խնդիրներով եւ բան մը ըսելու սիրոյն երդուեալ «քննադատներուն» ո՛չ անպայմանօրէն բարեմիտ խօսքերուն ու արարքներուն, որպէս պատասխան մեծահոգութեամբ շարունակեցինք ժպտալ ու յառաջացանք՝ կեդրոնանալով մեր հաւատացած գործին  վրայ: Որպէս բարեպաշտ քրիստոնեաներ, խնդրեցինք Աստուծմէ, որ այս վերջիններուն իրենց սրտին համեմատ տայ…:

Անցեալ տարեսկիզբին յարմար տեսանք մեր թերթին չափը եւ ո՛չ ծաւալը փոքրացնել, յարմարուելու համար ժամանակակից ընթերցողներու պահանջին: Տպագիրի նոր բաժանորդներ ներգրաւելու համար մտայղացանք «Զարթօնք»ի բաժանորդի յատուկ անդամաքարտ մը, որուն միջոցաւ մեր բաժանորդը կարելիութիւնը պիտի ունենար այլ արտադրութիւններէ ալ օգտուելու: Լիբանանի ծանօթ պայմանները առիթը չտուին լաւագոյնս օգտուելու այս նորարարութենէն: Այս տարի աւելի եւս պիտի զարգացնենք այս փոխադարձ շահաւէտ գաղափարին գործնականացումը:

Ինչպէս տարիներէ ի վեր կ՛ընենք, մեր տեսանկիւնի ամփոփ սիւնակով գնահատեցինք ու պատուեցինք արժանաւորը եւ փորձեցինք մարդկային կարելիութեան սահմաններուն մէջ անաչառ կերպով երբեմն ալ անխնայ քննադատել այն ինչ, որ պէտք էր վրան մեր լուսարձակները բանալ:

Մեր թերթին էջերէն լաւագոյնս դրսեւորեցինք ու արժեւորեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հռչակած  «Հայ Մամուլի Տարին»:

Որպէս համակարգող մարմնի անդամ, մասնակցեցանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հովանաւորութեան տակ Անթիլիասի մէջ գումարուած Լրագրողներու Համահայկական Համագումարին:

Տարուան ընթացքին բարեփոխեցինք մեր թերթին էջադրումի տեսքը աւելի եւս ժամանակակից բնոյթ տալու համար անոր: Անցեալ տարի Հայաստանի մեր խմբագրատան վստահեցանք նախատպարանային մեր վերջին աշխատանքն ալ՝ թերթին էջադրումն ու ձեւաւորումը, մեր կարգին պիւտճէական խնայողութիւն ապահովելով իսկ հայրենիքի մեր արհեստավարժ երիտասարդներուն աշխատանք ապահովելով, մինչ շարունակուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մեր թղթակիցներուն եւ աշխատակիցներուն աշխատանքը՝ յատուկ հարցազրոյցներով, սիւնակագրութեամբ եւ ելեկտրոնային ցրւումի եւ կայքի թարմացումի իրենց աշխատանքներով:

Անցեալ տարի հրատարակեցինք երկու բացառիկ եւ մէկ յատուկ թիւ: Շարունակեցինք QR գաղտնագիրը զետեղել մեր տպագիրին մէջ, զայն որպէս հարթակ ծառայեցնելով ուղղուելու ելեկտրոնային աշխարհ:

Անցեալ տարի «Զարթօնք»ի խմբագրութիւնը Իտալիոյ Եւրո-միջերկրականեան համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Մարզանի» լրագրութեան եւ գրականութեան «Ստեղծագործ միտք» միջազգային մրցանակով հայկական սփիւռքի մէջ ազատ ու յանդուգն սակայն պատասխանատու խօսքի,  անաչառ լրատուութեան եւ Հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատին մեծապէս նպաստած ռահվիրայ օրաթերթի մը յանձնառու առաքելութեան դրօշը բարձր պահած ըլլալուն համար:

«Խմբագրատանս Մէջ» սիւնակով շարունակեցինք ընդունիլ  սիրելի հիւրեր՝ անոնց հետ ունեցած մեր շահեկան զրոյցը դնելով մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ:

Տարուան վերջին եռամսեակին Լիբանանի մէջ պատահած ծանօթ դէպքերուն պատճառով չկրցանք հանգամանօրէն նշել «Զարթօնք»ի նախատեսուած 82-ամեակը: Նոյնպէս յետաձգեցինք արդէն իսկ մամուլի տակ եղող «Զարթօնք» մատենաշարի երկու գիրքերու հրատարակութիւնները: Ստեղծուած տնտեսական տագնապը եւ անկէ բխող դժուարութիւնները նաեւ պատճառ եղան «Զարթօնք»ի հեռախօսային application-ի սկսուած աշխատանքներուն աւարտը ու անոր լոյս ընծայումի յետաձգման:

 «ՌԱԿ Մամուլ»-ի եւ ելեկտրոնային ցրւումի միջոցաւ «Զարթօնք»-ի ելեկտրոնային տարբերակը օրն ի բուն անխափան հասցուցինք աշխարհի տարածքին շուրջ 13 500 հասցէներու: Այս բանին զուգահեռ կայքէջի եւ ընկերային համացանցի վրայ մեր ընթերցողներու թիւը յարաճուն աճ շարունակեց արձանագրել:

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի հետ շարունակեցինք մեր շինիչ գործակցութիւնը, որուն փոխ տնօրէնը հիւրընկալեցինք մեր յարկին տակ որպէս զեկուցաբերը շահաւէտ դասախօսութեան մը:  

Շարունակեցինք ազնիւ գործակցութիւնը լիբանանահայ միւս օրաթերթերուն հետ:

Չկրցանք հետեւողականօրէն շարունակել «Զարթօնք Սփոր» մեր տպագիր շաբաթօրեան պիւտճէական պատճառներով: Փոխարէնը մենք զարգացուցինք մեր կայքի անգլերէնի բաժինը օրական թարմացումներով: Նոյն պատճառով՝ չկրցանք վերականգնել մեր սկսած Մանկապատանեկան  «Արեւիկ» յաւելուածի հրատարակութիւնը շարունակել: Ասոնց փոխարէն փորձ մը կատարեցինք սկսելու Զարթօնքի գրական «Շիրակ» պարբերական յաւելուածը, որ յոյսով ենք, թէ պիտի շարունակուի այս տարուան ընթացքին եւս:

Լրատուական մեր հիմնական գործընկերը շարունակեց մնալ «Արմէնփրես»-ը:

Վերջին երեք ամիսներու լիբանանեան տագնապի օրերուն յաջողեցանք շաբաթական դրութեամբ հանդիպումներու շարք մը իրագործել «Զարթօնք»ի յարկին տակ «Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ» ընդհանուր խորագրին տակ, որ մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ:

2020-ին պիտի շարունակենք այն ինչ, որ կ՛ընենք՝ փորձելով մարդկային հնարաւորութիւններու եւ նիւթական պայմաններու մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մենք մեզ մի՛շտ գերազանցել:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին