Տարիները կը թաւալին ու ամէն տարի մարդու թուաքանակը աճ կ՛ապրի: Աշխարհի բազմատեսակ, բազմաբնոյթ, բազմագոյն ազգերու, ժողովուրդներու, կրօններու, գաղափարներու հոսքը կը տարուբերի հնագոյնի, հինի, եւ նորի միջեւ ու այդ տարբերութիւնները զանազան առիթներով տեղի կու տան պատերազմներու, նոր գաղափարներու, նոր մտածելակերպերու: Մարդու իմացականութեան դաշտին մէջ միշտ ալ մարդն է, իր ապրած երկրի մոլորակը՝ հսկայ Տիեզերքի մէջ անոր տեղն ու դերը, զանոնք հասկնալու, վերլուծելու եւ ի պահանջել հարկին բարեփոխելու յարմարեցնելու իր նպատակներուն, երազներուն կարելիութեան առաւելագոյն չափով:
Հինէն մարդ որոնած է անմահութեան գաղտնիքին տիրանալու, կենսամակարդակը բարելաւելու, մտածողութեան ծիրը ընդարձակելու կամ խորացնելու: Ուստի, ունեցած ենք փիլիսոփաներ, աստղագէտներ, բանաստեղծներ ու թաքնագէտներ որոնք դարերու երթին իրենց ներդրումը ունեցած են մարդու ապրելակերպին, կենսամակարդակին վրայ: Գիտութեան յառաջացումով քարեդարերը մնացին անցեալին ու հասանք գեր արդիական գործիքներու որով աշխարհը դարձած է ափի մը չափ գործիքի բեմ, արհեստագիտական զարգացման իբր արդիւնք:
Ունեցած ենք նաեւ հանճարներ մտքի, ճշմարտութեան հետամուտ փիլիսոփաներ Արեւելքէն Լաօ Ձէ մը, Քանկ Ֆու Ցէ մը, շարքը կ՛երկարի, կը շարունակուի Պուտտա մը, Զրադաշտ, Մովսէս մը, ապա՝ Յիսուս եւ… Մուհամմէտ մը, իբրեւ հինգ մեծ կրօններու հիմնադիրներ: Կրօնը ոչ միայն աղօթել, այլ մարդկային վարուելակերպի մեծ ուսուցման հետամուտ է, ներառելով ընկերային ու քաղաքագիտութեան զանազան մարզեր: Ի՜նչ մարդկայնական է «Ըրէ այն ինչ կ՛ուզես որ մարդիկ քեզի ընեն» Քանկ Ֆու Ցէ-ի մէկ խօսքը որ Յիսուս ալ յորդորած է ըսելով «Մի ըներ ա՛յն ինչ չես ուզեր որ քեզի ընեն»:
Ի՞նչ է այս երկուքին տարբերութիւնը. իսկ եթէ ՄԻԱՅՆ ԱՅՍ ԿԵՐՊՈՎ ՄԱՐԴԻԿ ԱՊՐԷԻՆ ալ ո՛չ մէկ ընկերվարական կամ այսպէս կոչուած համայնավարական վարչաձեւի մը ծնունդը անհեթեթ պիտի ըլլար: Սակայն գլխաւոր հարցը մարդու մարդ կառոյցին մէջ կը կայանայ, ըլլալով կենդանական աշխարհի մէկ մասը, օժտուած ըլլալով նաեւ բանականութեամբ, զայն կը գործածէ իր ներքին ու մասնաւոր սեփականութեան օգտին՝ անսանձ կիրքով: «Ուրկէ՞ են պատերազմները, եւ կռիւները ձեր մէջ. Չէ՞ որ ցանկութիւններէն՝ որոնք ձեր անդամներուն մէջ կը պատերազմին»: (Յակոբու Դ:1,2):
Իսկ կարելի՞ է ցանկութեան սահմանափակել. Իբրեւ ապրող եւ շնչող կենդանի, բնազդներու անձնատուր, անկարելի է, ինչպէս ծառը իր բնական պայմաններու մէջ չկրնար չպտղաբերիլ: Ինչպէս արեւն ու լուսինը, Տիեզերական ամբողջ համակարգը իր օրէնքն ու օրինաչափութիւնը ունի իբրեւ բնութիւն, կենդանական աշխարհն ալ որուն մէջ մարդը ունի իրը անխափան: ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑ ԵՒ ՅԵՏԸՆԹԱՑ:
Մղիչ՝ «արեւներու նոր տեմբ կու տան եւ նոր ուղի», ինչպէս նաեւ կասեցուցիչ՝ «Օ, սիրտ իմ, դու լուռ ես եւ երգդ տխուր է, բոլոր յոյսերս ջարդել ես հիմա»: (Ե.Չարենց):
ՏԱՐԻՆ… ՏԱՐԻ ՆՈՐ, ՄԱՐԴԸ ՀԻՆ:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից