«Կեանքի երթին դժուար վիճակներ շատ կան սակայն դժուարագոյնը՝ երբ անբուժելի հիւանդի մը դէմ յանդիման կը գտնուիս»ըսաւ բարեկամ բժիշկ մը, տարիներ առաջ. սակայն, տեսածներդ, լսածներդ, վերջապէս ապրածներդ կարծես միտքի ամբարին մէջ տեղ կը գրաւեն ինչպէս ամպերը օդին մէջ ու յարմար առիթով մը իրենց ներկայութիւնը զգալ կու տան ու կը խորհրդածես զանոնք տուն տուող պատճառներուն մասին: Սրտախոց բառ մը, զոր Շ.Շահնուրէն իվեր կը գործածենք. Այդ ալ անիծեալ մեր իրականութեան մէկ պատկերն է որ կը ցոլացնէ.-«ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԵՆՔ»: Կը Նահանջենք եւ այդ ալ՝ արագընթաց: Ցաւօք կարդացի Դոկտոր Մինաս Գոճայեանի յօդուածը վերջին շրջանի արշաւը՝ դպրոցներ փակելու քաղաքականութեան: Սկսելով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն…Յովակիմեանցի ըլլալով՝ կը յիշեմ ՔԱՅԼԵՐԳէն՝ ուսուցիչ, բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեանի կողմէ գրուած. մաս մը միայն .-«ՀԲԸմեծ Միութեան հովանին ներքեւ լայն մենք կը գալենք ապահով դէպի հայոց ապագան, մինչ մութին դէմ մեր վարժարանն ակնդէտ (այլ տունի մէջ ԱՆՍԱՍԱՆ) կը հսկէ վառ բարձրունքէն»…եւ այլն: Եւ այսպէս անցած են տասնեակ տարիներ ու ՍԱՍԱՆԱԾ ԵՆ հին, գրաւոր եւ անգիր օրէնքները, ապրումները, ոգին, հայապահպանումի, ազգասիրութեան եւ այլ առաքինութիւններու որոնց հանդէպ մեր այս դարաշրջանի ջանքերն ու ճիգերը անկարող են ՆԱՀԱՆՋը կասեցնելու:
Ու՞ր պէտք է փնտռել պատճառները, որմէ՝ բարւոք լուծումը մեր «ԴԱՅԴԱՆԻՔ»ին, որ կ՛ընկղմի առաջնորդներու ձեռամբ ո՞վ պիտի կասեցնէ աշնան տերեւներու նման թափթփող մեր մշակութային կառոյցները: Թարգմանող մեր Հայրերու առաջին նախադասութիւնը եղաւ.-«ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ»: Ուրկէ՞ պիտի իմանանք եթէ ոչ՝ Ուսուցիչներէ որոնք ԴՊՐՈՑ կառոյցի մը ջահակիրները պիտի ըլլան:
Անտիրական ժողովուրդի մը վերջին հանգրուանը ՄԱՀՆ Է իսկ այդ ալ դիւրին չէ անոնց՝ որոնք ազգին կրակը իրենց սրտերուն մէջ կ՛ապրին, կը զգան ու կը պայքարին: Պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք տագնապալի ու անել վիճակներ հուսկ՝ Վ. Տէրեան գրեց «Մի՞թէ վերջին պոէտն եմ ես, Վերջին երգիչն իմ երկրի. Մա՞հն է արդեօք, թէ նի՞նջը քեզ Պատել, պայծա՛ռ Նայիրի»:Սակայն, բարեբախտաբար, շրջանցելով դժուարութիւնը ունինք այսօր կռուան՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ անուն.«Երկիրը հոն, իր զաւկինն է այլեւս»Վ.Թէքէեան:
Ի հարկէ ուրիշ է Սփիւռքը. Ցրուած, ենթակայ՝ տուեալ երկրի մը հովերուն, ուր՝ պիտի փաստուի հայու միտքն ու դիմադրողականութիւնը՝ օտարաբոյր յորձանքին դէմ: Անցեալով հպարտանալու առիթներ կը փնտռենք. Եկէք մտածենք թէ գալիք սերունդները ո՞րքանով պիտի երախտապարտ ըլլան ու հպարտ՝ իրենց ինքնութիւնը պահպանած կարենալ ըլլալնուն համար:
ՆԱՀԱՆՋԵԼՈ՞Վ…«Մեղայ, մեղայ Արարատին»:
Խաւարին մէջէն լուսաւոր նշանակէտ մը տեսնել եւ առ այդ ուղղուիլ հանճար ղեկավարութեան ուսերուն պարտքն է:
Մի՞թէ պիտի կրկնենք Ռ. Սեւակի հետեւեալ տողերը.- «ղեկին գլուխը կը նստեցնենք մեր է՛ն ախտագին, է՛ն այլասերած, է՛ն անպէտ ծնունդները»:
ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՓԱՍՏԷ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից