Կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներ երէկ հաստատեցին, որ լիբանանցի գործարար Գարլոս Ղըսըն յաջողած է փախուստ տալ Ճափոնի մէջ իր կալանքէն ու հասնիլ Լիբանան:
Բաւական բարդ եւ արհեստավարժ փախուստի եղանակով մը կ՛ըսուի , թէ ան այլեւս Լիբանան է եւ նոյնիսկ տեսնուած է լիբանանեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ:
Իսկ թէ ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ Ճափոնը, այս արդէն կը կարօտի միջազգային համաձայնութիւններու սերտողութեան:






