Նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը ըստ երեւոյթին պիտի յետաձգուի մինչեւ յաջորդ տարեսկիզբ:
Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ կազմելու համար նոր կառավարութիւն մը:
Անոր հիմնական դժուարութիւնը Սիւննի նախարարներ նշանակումին մէջն է այսօր, որովհետեւ Սիւննի կարեւոր դէմքեր կը մերժեն իր կառավարութեան կազմին մէջ ըլլալ: Երկրին քաղաքական միւս կարեւոր ուժերուն մերժումն ալ յաւելեալ դժուարութիւն կու տայ ներկայացուցչական կազմ մը ունենալու Տիապի աշխատանքին:
Հետաքրքրական սակայն վտանգաւոր զարգացումով մը, Հըզպալլայի պլոքի ներկայացուցիչը յայտարարութիւն մը ըրաւ երէկ առանց անուանելու ամբաստանելով Սաատ Հարիրին կառավարութեան կազմութիւնը դժուարացնելու յանցանքով:
Այս բոլորը մինչ Տիապի բնակարանին շուրջ կը շարունակուին ցոյցերը մերժելով իր նշանակումը:
Հակառակ երկրին նախագահին անցնող օրերու լաւատեսութեան, ըստ երեւոյթին կառավարութեան կազմութիւնը աւելի եւս ժամանակի պիտի կարօտի եթէ երբեւիցէ յաջողի:






