Մեր այն մտածումները, զորս օգտակար նկատեցինք ընթերցողներուն, պիտի բարձրաձայնենք այս գրութեամբ, որուն իբր նախաճաշակ, կը ներկայացնենք նախ՝ կարգ մը մասնակի միտքեր, ապա՝ անդրադառնալու համար հիմնական մեր գաղափարներուն՝ առանձին ենթախորագրերու տակ։
- ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ ըսած է. «Ան, որ առանձնութենէն երջանիկ է, կամ՝ գազան է, կամ՝ Աստուած»։ Այսինքն, կամ՝ մարդակեր է կամ մարդասէր։ Աստուած մարդասէր է։ Իսկ կան նաեւ՝ մարդակեր գազան մարդիկ։ Բայց, կան նաեւ՝ մտաւորական տքնաջան, ստեղծագործ աշխատանքի «գազա՜ն» մարդիկ, որոնք կը ճգնին մարդոց համար, որովհետեւ՝ մարդասէր են, մարդոց համար աշխատելու տրամադրած են իրենց կեանքը։ Ուրեմն, ասոնք իրենց ժամանակը տրամադրելով մարդոց՝ միտքով եւ հոգիով մարդոց հետ են, միայն ֆիզիքապէս առանձնութեան մէջ են. ուրեմն՝ երջանիկ են «գազանօրէն» ու «գազանաչափ», ոչ՝ գազանաբար։
- ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ ըսած է նաեւ. «Ամբողջութիւն մը աւելի մեծ է քան մասերուն գումարը»։ Որովհետեւ՝ մասերու թուական գումարը քանակ մըն է, ոչ՝ որակ…։ Ամբողջութիւնը որակ մըն է, որ աւելի կարեւոր է քան քանակը։ Տարագիր Արեւմտահայութեան ամբողջութիւնը համահայկականութիւնն է, որ աւելի կարեւոր է քան անոնց թիւին գումարը։ Համահայկականացած Արեւմտահայ բեկորները կը վերածուին որակական ուժի, որ կրնայ ազատագրել Արեւմտահայաստանը…։ Բեկորները իրարու վրայ կուտակուելով միայն կրնան համահայկականանալ՝ նոր որակ ստեղծել, եւ ոչ թէ՝ իրարմէ հեռու եւ անջատ մնալով։ Այս վերջին պարագային է, որ կը մնան քանակի թիւ մը, չեն կրնար վերածուիլ որակի։ Ասիկա՝ դիալեկտիկայի կանոններէն է, որ կ՚ըսէ՝ քանակական կուտակումները կը յանգին որակական փոփոխութեան։ Երբ ջուրի կորիզներու (H20} վրայ կուտակուին 2 ջերմաստիճանները, ատոնք աստիճանաբար՝ հաստատուն վիճակի (սառոյց) որակէն կը բարձրանան հեղուկ վիճակի որակի, հուսկ՝ կազային վիճակի որակին…։
- ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ տակաւին ըսած է. «Ամէնուն բարեկամը ոչ մէկուն բարեկամն է…»։ Որովհետեւ՝ Արեւմտահայութեան բարեկամութիւնը ամէնուն (թէ բարեկամներուն եւ թէ թշնամիներուն) ոչ իսկ Հայութեան բարեկամ ըլլալ է։ Ժամանակը հասա՞ծ է արդեօք, որ Արեւմտահայութիւնը գիտնայ զատորոշել իր բարեկամները եւ թշնամիները, որպէսզի՝ այլեւս չմնայ խաբուիլ սիրող ժողովուրդ…, ինչպէս կ՚ըսէր ռամկավար Ստեփան Տեփոյեան ղեկավարը։
- Այն տրամաբանութեամբ, որ Լենինը, Մարքսը կամ Մաօ Ցէ Թունկը իրաւունք կու տայ բռնակալ նկատելու, իրաւունք կու տայ նաեւ՝ բռնակալ նկատելու Այնշթայնը՝ բնագիտութեան մարզին մէջ, Մենտէլէեւը՝ քիմիագիտութեան եւ Սիկմունտ Ֆրէօյտը՝ հոգեախտաբանութեան մարզերուն մէջ։ Սակայն, արդարացուած հեղինակութիւնը բռնակալութիւն չէ. շահուած իրաւունք է, որուն առջեւ հարկ է խոնարհիլ, ինչպէս աշակերտը պարտի խոնարհիլ իր ուսուցիչին առջեւ, եւ հետեւակ զինուորը՝ իր հրամանատարին։
- ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ գրած է. Որ ժամին ձեր սիրտը ուզի՝ Իմ դուռը բաց է։ Մի՛ նայիք որ պատուհանիս Լոյսը յանգած է։ Քուն ու արթուն մի՛ հարցնիք Ներս մտնէք, տուն է։ Մինչեւ անգամ յոյսն էլ քնի՝ Հոգսը արթուն է։ Ասիկա՝ իր առաքելութեան գիտակից եւ միշտ ծառայելու պատրաստ մարդու խօսք է։
- Մեծ բարենորոգիչ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ Ա. ՊԱՊԸ պահանջեց ժողովրդարաններու դուռին դրուած «ընդունելութեան ժամեր» ցուցատախտակը վերցնել, որովհետեւ՝ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած հոգեւոր հովիւներու դուռը միշտ բաց պէտք է մնայ անոր առջեւ…։
- ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ նաեւ գրած է. Քո կանչը զնգում է իմ սիրտի Խոր ձորերում, Քո նման կանաչ կեանքով Քո համար ելած մարտի Կը մեռնեմ, միայն թէ դու Դարերում ազատ խշշաս, Իմ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ՝ Նայիրեան դալար բարդի։ Մեր հաստատ համոզումով, հայրենասէր Համօ Սահեան այս խօսքը ուղղած է ցարդ բռնագրաւեալ մնացած Արեւմտեան Հայաստանին՝ Արարատին…։
- ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ գրած է. «Դերասանութիւնը գեղեցիկ է՝ բեմի վրայ, ուր խաղում են… բայց գարշելի է կեանքի մէջ, ուր ապրում են»։ Մեր ուսուցիչներէն՝ բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեան, տեսնելով Տարագիր Արեւմտահայութեան Սփիւռքի անկազմակերպ վիճակը, գրած է. «Մենք տարագիր սփիւռքահայու դեր կը խաղանք…»։ Ինչ որ գարշելի է, երբ դար մը վերջ անգամ, չենք իրականացուցած Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսը (ՏԱՀՔ)։ Որովհետեւ՝ եթէ ՏԱՐԱԳԻՐ սփիւռքահայու ապրումն ու գիտակցութիւնը ունեցած ըլլայինք, մեր դերաԿԱՏԱՐութիւնը կազմած պիտի ըլլար ՏԱՀՔ-ը։ Բայց մենք այդ դերը չկատարեցինք, այլ՝ խաղցանք… քանի որ չունէինք ՏԱՐԱԳԻՐի գիտակցութիւնը, այլեւս… ՏԱՐԱԲՆԱԿ դարձեր էինք։
Ա. ՄԱՄՈՒԼԻ ԹԱՅՖԷՆ ԵՒ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԸ 1910 թուին, Յովհաննէս Թումանեան մատնանշած է՝ այդ օրերուն, մեր մէջ ալ տարածուած թայֆէականութեան ախտը, մամուլի մարզին մէջ։ Ան գանգատելով գրած է. «Մեր մամուլը։ Տասնեակ տարիներով ու անհամար դէպքերով փորձուած է, էլ հայհոյանք, էլ զրպարտութիւն, էլ ափաշկարա սուտ, էլ չարախօսութիւն, կեղծաւորութիւն։ Նեղ թայֆէականութիւն։ Հօ ոչ մի գիւղում գուցէ էնքան անվայել կերպարանք չի առել, որքան մեր մամուլի մէջ։ Մի յայտնի հրապարակախօս պատմում է, թէ պարզ խօսում էին մեր խմբագրատանը , թէ էս կամ էն գրողին ինչքան էլ լաւ գրուածք հրատարակի, միշտ պէտք է զարկել, ծաղրել կամ լռել։ Մի խօսքով՝ ամէն կերպ աշխատել սպանել, միայն նրա համար որ, սա մեզ հետ չի, մեր թայֆէիցը չի։ Էդպէս էլ մտէք ազգային հասարակական գործիչների մէջ։ Մէկը միւսի հռչակն ու յաջողութիւնը տանել չի կարողանում, քանի որ իր թայֆէիցը չի»։
«Մեր մամուլը։ Տասնեակ տարիներով ու անհամար դէպքերով փորձուած է, էլ հայհոյանք, էլ զրպարտութիւն, էլ ափաշկարա սուտ, էլ չարախօսութիւն, կեղծաւորութիւն։ Նեղ թայֆէականութիւն։ Հօ ոչ մի գիւղում գուցէ էնքան անվայել կերպարանք չի առել, որքան մեր մամուլի մէջ։ Մի յայտնի հրապարակախօս պատմում է, թէ պարզ խօսում էին մեր խմբագրատանը , թէ էս կամ էն գրողին ինչքան էլ լաւ գրուածք հրատարակի, միշտ պէտք է զարկել, ծաղրել կամ լռել։ Մի խօսքով՝ ամէն կերպ աշխատել սպանել, միայն նրա համար որ, սա մեզ հետ չի, մեր թայֆէիցը չի։ Էդպէս էլ մտէք ազգային հասարակական գործիչների մէջ։ Մէկը միւսի հռչակն ու յաջողութիւնը տանել չի կարողանում, քանի որ իր թայֆէիցը չի»։
Յովհաննէս Թումանեան կ՚ըսէ. «Անցեալի պատմութիւնը մի լուսատու լապտեր է, որ օգնում է՝ որ ճանապարհին անմոլոր գնանք…»։ Եւ քանի որ թայֆէացումը ներքին փչացում՝ «ներսից է լինելու հաստատ փրկութիւնը, որովհետեւ ներսից ենք փչացել»…։ Եւ արդէն վճռորոշ պատճառը միայն ներքինն է, արտաքինը՝ չի կրնար մեզ ներսէն փչացնել, եթէ ներքինը չարտօնէ…։
Հաւանաբար, ասիկա հայ նախարարատուներու աւատատիրական պատմական տրոհումին ախտն է, որ հայկական կեդրոնական պետական կեանքի բացակայութեան, իր գլուխը կը ցցէ նաեւ՝ պետականազուրկ եւ կեդրոնազուրկ Սփիւռքին մէջ…, երրորդ հազարամեակին մէջ անգամ, ուր աւատատիրական թայֆէին եկած միացած է գերզարգացած կապիտալիզմին (այսինքն՝ իմփերիալիզմին) մոնոփոլը՝ մենաշնորհը (նախնական յառաջադէմ կապիտալիզմը դէմ էր մոնոփոլին, բայց իր անկումի նախօրեակը ապրող իմփերիալիզմը հիմնուած է մոնոփոլի վրայ. այսինքն՝ յետադէմ կապիտալիզմը կրնայ գոյատեւել միմիայն մոնոփոլով…)։
Ուրեմն, այսօր, սփիւռքահայ մամուլին մէջ կան թէ թայֆէն եւ թէ մենաշնորհը…։ Օրինակ.
Կայ թերթ, որ չի հրատարակեր գրութիւն մը, որ յատուկ չէ գրուած նախ՝ իր համար…։ Կայ նաեւ թերթ, որ «ինչքան ալ լաւ գրուածք» ըլլայ, չի հրատարակեր գրութիւն մը, որ նախապէս լոյս տեսած է ուրիշ թերթի մէջ, եթէ նոյնիսկ զայդ գրողը յատուկ չէ ղրկած այդ ուրիշ թերթին, որուն խմբագիրը զայդ կարդացած է իր թերթի e-mail-ին վրայ (ուրեմն՝ ղրկուած բոլոր թերթերու e-mail-ներուն, բայց ինք հասկնալով եւ ըմբռնելով այդ գրութեան կարեւոր ըլլալը, հրատարակած է իր թերթին մէջ, առանց սրդողելու թէ ինչու ատոր հեղինակը յատուկ իրեն չէ առաքած)։ Իսկ հեղինակը, մերժելով գրութեան մը շուկայի ապրանքի մենաշնորհի վերածումը, արդարադատ որոշումով՝ իր գրութիւնները կը ղրկէ անխտիր բոլոր հայկական թերթերու e-mail-ներուն, եւ արդէն վճռականօրէն եւ հետեւողականօրէն մերժած է թերթի մը բազմիցս կրկնած փափաքը՝ մենաշնորհը ունենալու հեղինակի գրութիւններուն…։
Հեղինակը՝ այդ թայֆէի եւ մենաշնորհի հանդէպ յարգանք ցուցաբերելու քայլը չայպանող եւ ատկէ չխպնող խմբագրութեան կը վերյիշեցնէ՝ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ (դրամ կամ մենաշնորհ) նպատակը բարոյական չէ, ԸԼԼԱԼՈՒ նպատակն է բարոյականը՝ Մարդ ըլլալու։ Յիսուս անգամ, իր Լերան Քարոզին մէջ ըսաւ. «Քանզի ինչ կ՚արժէ մարդ, երբ աշխարհը ունենայ, բայց կորսնցնէ իր անձը…»։
Յովհաննէս Թումանեան կ՚ըսէ. «Ոչ մի պաշտօն կամ կոչում չկայ, որ հաւասար լինի եւ կարելի լինի համեմատել՝ մարդ կոչումին հետ»։ – «Տեսնել ու նկատել, միեւնոյն բանը չի, ինչպէս որ կարդալ ու հասկանալը միեւնոյնը չի, ինչպէս որ լսելը եւ ըմբռնելը, միեւնոյնը չի…»։
Եպիկիրոս ըսած է. «Մեր ունեցուածքը (մենաշնորհը) չէ մեր հարստութիւնը, այլ՝ մեր վայելածը (ուսանելի գրութիւնը)»։
Եւ վերջապէս, Համօ Սահեան մաղթած է.
Ինձնից խօելուց՝ քեզնից չամաչեմ,
Ինձնից չամաչեմ՝ քեզնից խօսելուց։
Այսինքն, իմ մասին խօսած ատենս այնքան վերէն չխօսիմ, որ քեզ արհամարհած եմ, եւ ես ինձմէ չամչնամ, որ քեզ թերագնահատած եմ…։
Բ. ՈՒՐ ԿԱՅ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՒՄ ԵՒ ՕՏԱՐԻ ԼՈՒԾ, ՀՈՆ ԿԱՅ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Նիկոլ Փաշինեանի «թաւշեայ» յեղաշրջումը եւ Լիբանանի ներկայի տարերային պոռթկումը՝ անգլուխ եւ անծրագիր յեղափոխութիւն չեն, որովհետեւ՝ կիսամիջոցներով յեղափոխութիւն չի կրնար իրականանալ։ Քանի որ արմատակալած հասարակարգին տիրող դասակարգը՝ սիրայօժար յարգանքով չի խոնարհիր, անձնատուր չըլլար արմատականօրէն տարբեր դասակարգին, որ սակարկութիւն չընդունիր…։
Յեղափոխութիւնը դարակազմիկ եղելութիւն է, սովորական դէպք չէ, այլ՝ հասարակարգային արմատական փոփոխութիւն՝ իր ներքնակառոյցով եւ վերնակառոյցով:
Յեղափոխութիւնը, ուրեմն, պոռթկում չէ, տաք գլուխներու տարերային ըմբոստութիւն չէ, արկածախնդրական կարճ շունչով ու պատեհապաշտական ապստամբութիւն չէ, ոչ ալ՝ դաւադիր պետական յեղաշրջում, կամ՝ հասարակարգին մէջ՝ միջ-գլանային, միեւնոյն դասակարգին տարբեր թեւերուն միջեւ իշխանափոխութիւն, կամ՝ ներդասակարգային հերթափոխութիւն, որ կրնայ իրականանալ երեսփոխանական ընտրութեանց ճամբով՝ խորհրդարանի աթոռներու թիւին մեծամասնութիւնը շահելով։ Այլ՝ միմիայն նախկին հասարակարգին ռազմական տապալումով, եւ անոր տիրող դասակարգին ռազմական ուժին ջախջախումով եւ նոր դասակարգին ռազմական ամբողջական յաղթանակով եւ անոր կողմէ երկրի ամբողջ իշխանութեան գրաւումով…։
Եւ ասիկա կրնայ պատահիլ՝ միմիայն այն ժամանակ, երբ հասունցած են յեղափոխութեան բոլոր ենթակայական եւ առարկայական նախապայմանները, եւ յեղափոխութիւնը դարձած է՝ ուրեմն, պատմական անհրաժեշտութիւն։ Իսկ ենթակայական պայմանները հասունցած կ՚ըլլան, երբ կենսունակ ու գործօն ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը համոզուած ըլլայ պատմական անհրաժեշտութեան, եւ առարկայական նախապայմանները հասունցած կ՚ըլլան՝ երբ յեղափոխական դասակարգը ատակ դարձած ըլլայ՝ ոչ միայն երկրի ամբողջ 7 իշխանութիւնը գրաւելու, այլեւ՝ նոր հասարակարգի հիմերը հաստատելու եւ կերտելու նոր հասարակարգը։ Այս բոլոր նախապայմաններու հասունացումէն առաջ, յեղափոխութիւնը չի կրնար յաղթանակ ունենալ…։ Առանց պատմական անհրաժեշտութեան հասունացումին սպասելու համբերատարութեան երկարատեւ շունչին, յեղափոխութեան փորձը, արկածախնդրական, կամապաշտական ու պատեհապաշտական շտապողութիւն է, եւ փորձը կը վիժի ու կը ձախողի…։ «Կամենալը՝ կարենալ է» ասացուածքը բացարձակ իրականութիւն է միայն բնազանցական մտածելակերպ ունեցողներուն համար։ Դիալեկտիկական մտածելակերպ ունեցողները կ՚ըսեն. «Այո, կարենալու համար, նախ կամենալ պէտք է, բայց՝ կամենալը առանձին տակաւին բաւարար երաշխիք մը չէ կարենալու համար, եթէ՝ պահանջուած միւս նախապայմանները գոյութիւն չունին։ Ասիկա՝ Շոփէնհաուերի բնազանցական կամապաշտութեան (volontarisme) պտուղն է, որ հիմքն է բոլոր տեսակի արկածախնդրութիւններու (ներառեալ՝ Փետրուար 18-ի)։ Յեղափոխութիւնը կամայական խաղ չէ, այլ ունի պարտադիր եւ խիստ օրինաչափութիւն։ Ան գիտութիւն է՝ ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր։
Գ. ՌԱԿ-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԸ Բացի Հայ Կոմկուսի եւ Արմենական Կուսակցութեան գաղափարախօսութենէն, հայկական միւս կուսակցութիւնները չունին յստակ, վճիտ ու մասնաւորաբար յարակցական (coherent) գաղափարախօսութեան յատկանիշերը։ Ընդհանուր առմամբ, էկլեկտիկ են՝ հաւաքաբանական, եւ զուրկ չեն ներքին հակասութիւններէ։ Սխալ է այն կարծիքը, թէ կան զուտ հայկական կուսակցութիւններ, եւ՝ ապազգային կուսակցութիւն մը։ Ամէն քաղաքական կուսակցութիւն ծրագիր ունի ե՛ւ ազգային առաջադրանքներ ե՛ւ ընկերային-հասարակական առաջադրանքներ։ Այս վերջինները՝ բոլոր կուսակցութիւններուն մօտ, տիեզերական են, միջազգայնական ու համամարդկային։ Ազգի մը մէջ՝ չի կրնար ապազգային կուսակցութիւն գոյութիւն ունենալ։ Հայ Կոմկուսը բոլորէն աւելի համամարդկայնական առաջադրանքներ ունի, եւ բոլորէն աւելի՝ ազգային, քանի որ անոր 8 աշխարհայեացքը բացուած է համայն մարդկութեան. անոր ազգային «ակնոց»ը կարճատես չէ, այլ՝ հեռատես…։ Մինչդեռ ազգայնական շեփորուած կուսակցութիւն մը կը գործածէ ազգային «ակնոց» մը, որ կարճատես է. ազգը բանտարկած է նեղ խոզակի մը մէջ, պաշտամունքի կուռքի վերածելով ազգը, նսեմացնելով ազգը՝ զայն բանտելով կուռքի մը նեղ կաղապարին մէջ։ Ազգապաշտութիւնը ներհակ է՝ ազգասիրութեան։ Ազգը արժանի է Սիրոյ, ոչ՝ Պաշտամունքի։ Հելվեդիուս ըսած է. «Հոն՝ ուր պաշտամունք կայ, բացակայ է բարոյականը»… որովհետեւ՝ կռապաշտութիւնը գիտակցութիւն եւ սէր չենթադրեր, այլ՝ կոյր հաւատք եւ երկիւղ…։ Իսկ ազգը՝ ապրող եւ զարգացող եւ անկապաղապարելի գոյութիւն մըն է։ Զայն կուռքի մը մէջ կաղապարելը, կամ՝ կուսակցութեան մը մենաշնորհին վերածելը՝ ոչ միայն հակազգային արարք է, այլեւ՝ հակաբարոյական… եսասիրական ու մենատիրական։
ՌԱԿ-ի բաղկացուցիչ երեք կուսակցութիւններու ծրագրերէն կը կատարենք հետեւեալ երեք մէջբերումները.
1 – ԱՐՄԵՆԱԿԱՆԻ 1905 ԹՈՒԻ ՇՐՋԱԲԵՐԱԿՆԷՆ «Ընկերային Սոցիալիստական Յեղափոխութիւնը՝ մեր իրականութեան հետ կապ ունեցող հեռաւոր գաղափարն է, որուն պիտի ձգտինք ապագային, երբ սկսի աշխատանքի եւ քափիթալի պայքարը մեր մէջ։ Մինչ այդ, մեր իրականութեան կարի հրամայական պահանջի առջեւ, հայ ժողովուրդը պարտաւորուած է փարիլ՝ ինքնապաշտպանութեան»։ (Այս Շրջաբերականը հրատարակուած է 1905 թուի ռուսական վիժած յեղափոխութեան փորձի վաղորդայնին)։
2 – ՀԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ-ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԷՆ (31 Հոկտեմբեր 1908)
«Տաճկաստանի մէջ, կուսակցութիւնը պիտի ջանայ աստիճանաբար ձեռք բերել այն ամէն բարենորոգումները, որ կը նպաստեն աշխատաւոր դասակարգին եւ գիւղացիութեան նիւթական վիճակին բարւոքմանը՝ առանց սակայն դժուարացնելու դրամագլուխի մուտքը եւ արդիւնագործութեան (ճարտարարուեստի) զարգացումը… (քանի որ) Օսմանեան երկիրներու տնտեսական զարգացման արդի վիճակը հեռու է ընկերվարական սկզբունքներու կիրառութեան կռուան ընծայելէ…»։
3 – ՎԵՐԱԿԱԶՄԵԱԼ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԷՆ (Պոսթոն, 1916) «Մեր կուսակցութիւնը չի դաւանիր թէ ինքնին վնասակար վարդապետութիւն է ընկերվարութիւնը, բայց նոյն ատեն մենք համոզուած ենք թէ քաղաքակրթութեան նախնական աստիճաններուն վրայ գտնուող ժողովուրդի մը մէջ – ինչպէս է մեր ազգը՝ ստուար մեծամասնութեամբ (Օսմանեան բռնատիրութեան եւ գաղթաշխարհի մէջ) – գործող կուսակցութեան մը ԱՒԱԳ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ պէտք է ըլլայ՝ զբաղիլ զուտ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ու բարօրութեան յարակից խնդիրներով…»։
(Տես՝ Ա. Անդրէասեան, «Մեր Գաղափարն Ու Գործը», Ֆրեզնօ, 1952, «ՆՈՐ ՕՐ» բացառիկ, Ֆրեզնօ, 1981 – ՌԱԿ-ի 60-ամեակին առիթով, եւ՝ Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, «ՌԱԿ Ծրագրեր, Կանոնագրեր Եւ Վաւերագրեր», Պէյրութ, 1988)։ ՌԱԿ-ի բաղկացուցիչներու գաղափարական երեք օղակներուն ամենաթոյլը, հակասականը եւ անյարակցականը, երկրորդն է։ Ամենաթոյլը՝ աշխատաւորութեան եւ գիւղացիութեան նիւթական վիճակի բարւոքումի մասին խօսքն է, ուրկէ կը բացակային յիշուած երկու դասակարգերու իրաւունքները… եւ ուր կար միայն՝ անոնց նիւթական վիճակին բարւոքումի պահանջը…։ Հակասականը՝ Սահմանադրական-Ռամկավարն է, քանի որ միապետականը միայն կը կարօտի սահմանադրական սահմանափակումի, եւ ոչ թէ՝ ռամկավարը…։ Իսկ անյարակցականը այն է, որ ան կը խօսի Տաճկաստանի մասին, եւ ոչ թէ՝ բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի մասին, որ Արեւմտահայութեան հայրենիքն է… Տաճկաստանը հայոց հայրենիքը չէ, իսկ բարենորոգումները ունին քաղաքական ու վարչական բովանդակութիւն, որոնք կը վերաբերին Հայկական Նահանգներուն միայն։ Յայտնօրէն, այս կուսակցութեան ղեկավարները՝ մեծապէս ուղեղալուացուած են Երիտթուրքերու քարոզած Օսմանեան Հայրենիքի սնամէջ քարոզէն եւ անոր շրթնային սուտ «Արդարութեան, Հաւասարութեան ու Եղբայրակցութեան» կարգախօսներէն, եւ Օսմանեան իրաւահաւասար քաղաքացիութեան առասպելէն, որոնք ստեղծած էին կէօպէլսեան սուտ քարոզչութեան այնպիսի մթնոլորտ մը, որուն մշուշին մէջ՝ Երիտթուրքերը նոյնիսկ համարձակեցան ՀՅԴ-էն պահանջել փոխել իր անունը ՕՅԴ-ի (Օսմանեան Յեղափոխական Դաշնակցութեան)։
Երրորդ կուսակցութեան գաղափարական օղակը անձնատուր կ՚ըլլայ բռնագրաւման կատարուած փաստին եւ կը գոհանայ լոկ ազգային գոյութեան բարօրութեամբ՝ բռնագրաւիչ իշխանութեան լուծին ներքեւ…։
Միմիայն առաջին՝ Արմենական Կուսակցութեան գաղափարական օղակն է, որ յարակցական է եւ ազատագրական, թէ՛ ազգային եւ թէ ընկերայինհասարակական ազատագրութեան առումներով։
Լաւ պիտի ըլլար, որ այս երեքին միաձուլումի անունը ըլլար՝ Արմենական Ազատագրական Կուսակցութիւն (ԱԱԿ), կամ գէթ՝ Ռամկավար Ազատագրական Կուսակցութիւն (ՌԱԿ), փոխանակ Ազատականին։ Քանի որ, Ազատականը շփոթեցնող է եւ կրնայ մեկնաբանուիլ նաեւ՝ որպէս բուրժուա-ազատական, կամ՝ նոր-ազատական, որոնք բնաւ կապ չունին ռամիկ ժողովուրդին հետ, ռամկավարութեան հետ…։ Այս է պատճառը, որ Սովետ Հայաստանի ինքնալուծարումէն ետք, «ԱՋ» ռամկավարներ (Փանոս Թիթիզեանի ղումաշէն… որ Գարեգին Բ. Սարգիսեանի հետ միասին՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի ումպրելլան (umbrella) կը նախընտրէին սովետահայ Ոսկեդարին) փութացին նոյնանալու վայրի դրամատիրութեան հասած իմփերիալիզմի եւ համաշխահայնացումի նորազատականութեան հետ… ուրանալով Սովետ Հայաստանը եւ զինակցելով Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ համակարգին հետ, որ վայրի դրամատիրական է, զոր Նիկոլ Փաշինեանի «թաւշեայ» յեղաշրջումը չկրցաւ վերածել Դ. Հանրապետութեան՝ ժողովրդահայրենասիրական համակարգով։
- Գաղափարական հարցերու մէջ, դիմորոշիչ հարց մըն է այն, թէ շահագործող դասակարգին յարողները կը մերժեն դասակարգերու գոյութիւնը, իսկ անոր դէմ եղողները՝ միշտ կը յիշեն դասակարգերու գոյութիւնը։ Աշխարհահռչակ լեզուագէտ, հակասիոնական հրեայ փրոֆ. ՆՈԱՄ ՉՈՄՍՔԻ կ՚ըսէ. «ԱՄՆ-ի մէջ, վայրի դրամատիրութեան երկրին հազիւ թէ դասակարգ բառը գործածած ըլլաս, բոլոր ունկնդիրներդ մեռած գետին կ՚իյնան… կարծելով թէ արդէն՝ մարքսեան ներխուժում մը կայ երկրին վրայ։ Հոս արգիլուած է դասակարգ բառը գործածել, լայն ազատութիւններու երկրին մէջ…»։
Իսկ ԹՈՆԻ ՊԼԷՌ կը շեշտէ, թէ ԱՄՆ-ի մէջ կրնաս յայտնել որ կրօնասէր ես, բայց Լոնտոնի մէջ՝ չես համարձակիր…։ Եթէ ես Լոնտոնի մէջ ըսեմ թէ՝ Ճորճ Պուշի նման, եւ ալ ամէն օր Աւետարան կը կարդամ, ունկնդիրներս անմիջապէս զիս կը շալկեն եւ մտային հիւանդութեանց բուժարան կը տանին։ Ասոր պատճառը այն է, որ ԱՄՆ-ի բնակչութեան երեք քառորդը կրօնասէր են…։ Այսինքն՝ կոյր հաւատացեալներ։
Դ. ԵՊԻԿԻՒՐՈՍ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾ Էմմանուէլ Գանթի (Kant) իդէապաշտ (Idealism) դպրոցի նախկին հետեւորդը՝ Եպիկիւրոս, վերջնականապէս յարած է մատերիապաշտութեան (Materialism) փիլիսոփայութեան հին ԴԷՄՈԿՐԻՏՈՍի դպրոցին եւ հիմնած իր «պարտէզ»ը, ուր կ՚ուսուցանէր չսարսափիլ մահէն եւ գոհանալ անհրաժեշտ չափը միայն (optimum) ունենալով, հեռու մնալով՝ առաւելագոյնը (maximum) պահանջելէ, եւ՝ նուազագոյնը (minimum) ընդունելէ…։
Եպիկիւրոս, Աստուծոյ կապակցութեամբ, կատարած է հետեւեալ բազմերես հարցադրումը.
«Եթէ Աստուած կարող է խափանելու Չարը, բայց չուզեր… ուրեմն Ան չարակամ է կրնա՞նք ըսել։ Ո՛չ, քանի որ ատիկա նման չէ Աստուծոյ էութեան։ Եթէ կ՚ուզէ խափանել Չարը, բայց չի կրնար… ուրեմն կրնանք ըսել թէ Ան անզօր է։ Դարձեալ ո՛չ, քանի որ անզօրութիւնը համապատասխան չէ Աստուծոյ նկարագրին։ Եթէ ոչ կ՚ուզէ եւ ոչ ալ կարող է, ուրեմն Աստուած չէ։ Իսկ եթէ թէ՛ կ՚ուզէ եւ թէ կարող է,– որ միայն Աստուծոյ կը վայելէ,– ուրեմն ուրկէ՞ ծնած է Չարը. մարդոցմէ՞…։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն ինչո՞ւ չի վտարեր Չարերը աշխարհէն…»։
Մեր պատասխանը հետեւեալն է.
Մարդու Որդի Նազովրեցի Յիսուս՝ մտրակով Աստուծոյ Տաճարէն դուրս վտարեց լումայափոխներն ու վաճառականները, որովհետեւ յեղափոխական էր, եւ ամէն բանի համար չէր ապաւիներ Աստուծոյ միջամտութեան։ Եւ Աստուած գոհ էր, եւ կը փափաքէր որ մարդիկ ապաւինողականութեան հիւանդութենէն չվարակուէին, յեղափոխական ըլլային Յիսուսի նման եւ իրենք Չարերը վտարէին աշխարհէն…։ Նոյնինքն Եպիկիւրոս ըսած է. «Ան բանը, որ դուն կրնաս ընել, զայդ մի խնդրեր Աստուծմէ»։
Սովետ Հայաստանի Ոսկեդարի օրերուն, ունէինք աշխարհահռչակ Բիւրականի Աստղադիտարան, եւ աշխարհահռչակ աստղաբնագէտ Ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեան, որ նաեւ նախագահն էր Աստղագէտներու Միջազգային Միութեան։ Այս մեծ գիտնականը, կ՚երեւի թէ, սովետի օրով, աստղերուն հետ անգամ կը խօսէր հայերէն լեզուով։ Եւ ուրեմն, մեզի կտակած է հետեւեալը. «Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռերիս կտակում եմ՝ տիրապետել Հայոց Լեզուին։ Հայոց Լեզուն ինձ համար ամենաթանկն է։ Գիտցէք՝ որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է ու կը մնայ՝ քանի ապրում եմ, Հայոց Լեզուին իմ տիրապետելուց…»։
Հայերէնին տիրապետելու շօշափելի նպատակն է՝ ինքնութեան պահպանումը։ Ինքնութեան պահպանումին շօշափելի նպատակը՝ միայն ու միայն, Արեւմտահայաստանի Ազատագրումը կրնայ ըլլալ…։
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ