Պոլսոյ հայոց նորընտիր պատրիարք, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան այս անգամ հարցազրոյց տուած է թրքական A Haber–ին:
Կրկին անդրադառնալով ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին, պատրիարք Մաշալեան նշած է, որ 1915–ի ողբերգութիւնը չվերապրած որեւէ հայ ընտանիք չկայ: «1915–ը հայերու մէջ ծննդաբանականօրէն կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Օսմանեան շրջանին 2–2.5 միլիոն էինք, հիմա` 40–60 հազար: Վերջին հարիւր տարուան մէջ այս հողերուն վրայ հայերու թիւը խիստ նուազեցաւ: Մենք 1915–ի ողբերգական դէպքերէն ետք որոշեցինք մնալ»,–NEWS.am-ի փոխանցմամբ, նշած է ան:
Մաշալեան կրկին շեշտած է, որ եթէ թուրքերը եւ հայերը իրարու հետ չխօսին 1915–ի մասին, միւս երկիրները ատիկա պիտի դարձնեն իրենց քաղաքական, տնտեսական գործիքը Թուրքիոյ հետ սեղան նստելու համար: