Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Լիբանանցիները Բողոքեցին Դրամատնային Քաղաքականութեան Դէմ

Հարիւրաւոր բողոքարարներ երէկ հաւաքուեցան Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան եւ Դրամատուներու Միութեան շէնքին դիմաց բողոքելու անոնց որդեգրած քաղաքականութեան դէմ:

Բողոքարարները կոչ ուղղեցին ժողովուրդի չվաճառել իրենց պարտքերի եւ տուրքերը:

Միւս կողմէ «Ալ Քապաս» քուէյթեան պարբերականը  յղում կատարած է լիբանանցի անուանի տնտեսագէտ Մարուան Իսքանտարին  գրելով, որ լիբանանցի քաղաքական գործիչներ մեծ գումարներ դուրս հանած են երկրէն։ Իսքանտար նշած է, որ վերջին շաբաթներուն կարելիութիւնը ունեցած է խօսիլ Պէյրութ գտնուող զուիցերացի լրագրողի մը հետ եւ ան է, որ այդ տեղեկութիւնները հաղորդած է իրեն։ Ըստ տրուած տեղեկութիւններուն, 9 լիբանանցի քաղաքական յայտնի գործիչներ վերջին շրջանին մեծ գումարներ հանած են երկրէն եւ զանոնք փոխադրած են Զուիցերիա։ Նաեւ ըսած է, որ այդ գումարները կը գնահատուի 2 միլիառ ԱՄՆ տոլարով։ Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն եւ մէկէ աւելի առիթներով նման տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած էին։

Այս ուղղութեամբ երէկ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէ լրագրողներուն հետ զրուցելով յայտնեց, թէ այս մասին քննութիւններ պիտի բացուին յայտնաբերելու իրականութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին