Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Լիբանան «Լուլու» Փոթորիկին Ողորմութեան Տակ

Լիբանանի ճամբաները ջուրերով ողողուեցան երէկ երբ «լուլու» անուամբ փոթորիկ մը հարուածեց Լիբանանը:

Կը սպասուի, որ ան տակաւին շարունակուի այսօր եւ տեւէ մինչեւ շաբաթավերջ աւելի թեթեւ տարողութեամբ:

Ամենամեծ աղէտին ականատես եղաւ ժնահ շրջանի Սէն Սիմոն կոչուած ծովեզերեայ բնակութեան տարածքը, որուն արդէն իսկ խեղճութեան մէջ ապրող բնակչութիւնը ստիպուեցաւ լքել իր խրճիթները ապաստանելու համար մօտակայ մզկիթը:

Լեռնային շրջաններուն մէջ գրանցուեցան նաեւ ձիւնամրրիկներ, որուն պատճառով շատ մը ճամբաներ փակ մնացին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին