Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Օսմանեան Շրջանին Մէջ 2.5 Միլիոն Էինք, Հիմա` 40 Հազար. Մաշալեան Կրկին Յիշեցուցած է Երկխօսութեան Մասին

Պոլսոյ հայոց նորընտիր պատրիարք, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան այս անգամ հարցազրոյց տուած է թրքական A Haber–ին:

Կրկին անդրադառնալով ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին, պատրիարք Մաշալեան նշած է, որ 1915–ի ողբերգութիւնը չվերապրած որեւէ հայ ընտանիք չկայ: «1915–ը հայերու մէջ ծննդաբանականօրէն կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Օսմանեան շրջանին 2–2.5 միլիոն էինք, հիմա` 40–60 հազար: Վերջին հարիւր տարուան մէջ այս հողերուն վրայ հայերու թիւը խիստ նուազեցաւ:  Մենք 1915–ի ողբերգական դէպքերէն ետք որոշեցինք մնալ»,–NEWS.am-ի փոխանցմամբ, նշած է ան:

Մաշալեան կրկին շեշտած է, որ եթէ թուրքերը եւ հայերը իրարու հետ չխօսին 1915–ի մասին, միւս երկիրները ատիկա պիտի դարձնեն իրենց քաղաքական, տնտեսական գործիքը Թուրքիոյ հետ սեղան նստելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին