Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Նոր Հայաստանը Ս. Ծննդեան Երգեր Չունի՞

Շաբաթավերջին ուրախութեամբ հետեւեցայ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղադրուած հսկայական տօնածառին լուսաւորման գեղեցիկ արարողութեան: Հեռատեսիլի կայաններէն ինչպէս նաեւ առ ցանց հետեւեցայ նաեւ տեղւոյն վրայ կայացած համերգին:

Ի զարմանս ինծի, հաւանաբար նաեւ շատերուն, համերգի ընթացքին Ս. Ծննդեան նուիրուած ո՛չ մէկ երգ լսեցի: Քանի մը ռապիզական եւ սիրային երգեր էին ընդամէնը, որ կատարուեցան, որոնք ոչ մէկ կապակցութիւն ունէին տօնածառի խորհուրդին հետ, մինչ աշխարհի ամենալայիք երկրին մէջ ալ այս եղանակը շեշտուած կ՛ըլլայ Ս. Ծննդեան երգերու, համերգներու  եւ ընդհանրապէս օրուայ խորհուրդին յարմար երաժշտութեան մթնոլորտով..:

Նպատակը այստեղ հին կամ նոր համակարգը գնահատել կամ վարկաբեկելը չէ անշուշտ: Այս իմաստով երկու համակարգերն ալ իրար կ՛արժեն:  Ո՛չ ալ նպատակ ունիմ տօնածառին կամ համերգին համար պետական սուղ միջոցներէն տրամադրուած հսկայական գումարներուն մասին բամբասել: Նպատակս պարզապէս շինիչ քննադատութիւն մըն է, թէ կարելի՞ է արդեօք տօնածառ լուսաւորելու արարողութիւն մը Ս. Ծննդեան երգերով չընկերակցի, այն ալ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունած առաջին ազգին (որուն մասին ալ ամէն առիթով կը հպարտանանք) մայրաքաղաքին ճիշդ մէջտեղը…:

Աւանդապաշտ մը չեմ իր ծայրայեղական իմաստով, սակայն այս երեւոյթը անհանդուրժելի թուաց ինծի նամանաւանդ, որ այս առիթով նոյն վայրին մէջ, Երեւանի քաղաքապետին արտասանած խօսքին մէջ ալ քաղաքականէ եւ յեղափոխութիւնը փառաբանելէ անդին օրուան խորհուրդին նուիրուած կարեւոր խօսք չլսեցի, մինչ նման առիթով մը կղերական դասին բացակայութիւնը զգալի էր, որուն համար ամենեւին ալ վստահ չեմ եթէ անգամ հրաւիրուած էր…:

Որպէս սփիւռքահայ մտահոգ եմ Հայաստանի մշակութային ապագայով, որովհետեւ զայն միշտ նկատած եմ մեր մշակութային յենարանը:

Հայկական մշակութային աւանդութիւնը, անկախ կրօնականէն եւ նոյնիսկ անորմով, ընդհանուր առմամբ լաւագոյնս պահպանուած էր սովետին իսկ շրջանին ու ներշնչած էր, ո՛չ միայն Հայրենի ժողովուրդը այլ ան նաեւ Սփիւռքը Հայ պահելու կարեւորագոյն ազդակներէն էր:

Չեմ գիտէր եթէ այսօրուայ երեւոյթը կարելի է նաեւ նոր մշակոյթ կոչել՝ ժամանակներու փոփոխութեան համահունչ, սակայն մշակոյթ մը ինքնանպատակ չէ եւ վախս ալ այն է, որ եթէ Հայրենի ժողովուրդին սովետի սերունդն ալ ժամանակի պարտադրանքով՝ բնութեան օրէնքով մեկնի այս աշխարհէն մնացող սերունդը ի՞նչ կարելի պիտի ըլլայ կոչել…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին