Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Նշանակեալ Վարչապետ Հասսան Տիապի Առաքելութիւնը, Եւ ԼիբանանցիներուՍ Դժուարին Քայլը

Երէկ՝ Երկուշաբթի, նշանակեալ վարչապետ Հասսան Տիապի առաջին Երկուշաբթին էր: Լիբանանցիք ակնդէտ կը սպասեն իր ստանձնած յառաջադրանքին զարգացումներուն:

Լիբանանի այս օրերու քաղաքական պատկերը կը բաժնուի երեք մեծ բեւեռի.-

1) Հըզպոլլա-Ամալ-Ազգային Ազատ Հոսանք եւն.

2) Մուսթաքպալ Հոսանք-Լիբանանեան Ուժեր եւն.

3) Բարեկարգումի Ըմբոստ Շարժում (ԲԸՇ):

Բեւեռներէն առաջին երկուքը գրեթէ որոշակիօրէն լաւապէս գիտէ իր ուզածը: Երրորդ բեւեռը՝ Բարեկարգումի Շարժումը կը հանդիսանայ գլխաւոր «մեղաւոր’ը, որ մերժելով լիբանանեան ծաւալող տնտեսա-ընկերային ու քաղաքական տագնապը պարտկելու ընթացքը, չմեղսակցեցաւ վերոյիշեալներուն այլ պայթեցուց այդ պալարը:

ԲԸՇը շատ արագ ծաւալեցաւ ու հող գտաւ ժողովրդային բոլոր խաւերուն մէջ, որովհետեւ ընդվզումի երեւոյթը ամբիոն տուաւ դառնացած իւրաքանչիւր լիբանանցիի՝ բարձրաձայնելու իր որեւէ տեսակի անգոհունակութիւնը, դժգոհութիւնը: ԲԸՇը դարձաւ ընդվզումի լայն ալիքին խօսափող ու միջոց: Թերեւս Բարեկարգումի այս շարժումին մասնակիցները ընդհանրական երկու բան ունէին.- ա) ասանկ չի շարունակուիր, բ) ուստի պէտք է բարեփոխել-բարեկարգել: Անոնք ընդհանրական երրորդ կէտ մըն ալ ունէին. ըստ իրենց՝ կացութեան յանցաւորները իրենք չէին, այլ ուրիշները…:

Այս ընդհանրական երեք յատկանիշերուն կողքին ԲԸՇի հետեւորդները կը տարբերէին իրենց պահանջներուն զանազանութեամբ: Եւ ըստ դէտերու, ատոր համար էր որ անոր առաջնորդները կտրուկ սահմանումներ չտուին իրենց պահանջարկներուն:

Սակայն այսօր, երբ Շարժումէն շուրջ 65 օրեր անցած են ու առաջին եւ երկրորդ բեւեռներու ուժերը կրցած են յառաջացնել իրենց աշխարհագրական-օրակարգային ուժերը՝ ԲԸՇի կողքին  (եւ ի վնաս), «մաքրակրօն» ԲԸՇը տկարացած դիրքերէ կը ներկայանայ Տիապին:

Այլ խօսքով, այսօր ԲԸՇը առաւել քան երբեւէ ունի խաթարուած կողմեր: Դէտեր կը մատնանշեն Սաատնէյլի, Թարիք Ժտիտիի, Նապաթիէի, Ժալ էլ Տիպի, Թրիփոլիի «փողոցները’՝ հաստատելու համար թէ ԲԸՇը չունի այլեւս ո՛չ իր նախկին կուռ շարքերը, ո՛չ ալ իր համատարածութիւնը, իսկ հաւատարիմները՝ ցաւալիօրէն նուազած են:

Նոյնիսկ ոմանք աւելի յառաջ երթալով կը խօսին մաքրակրօն ԲԸՇին՝ «լիբանանեան երազ’ին մայրամուտին մասին՝ ի տես «փողոց’ին նորագոյն պառակտումներուն:

 

Տիապի առաքելութիւնը

Վերը նշեցինք Լիբանանի այսօրեայ երեք բեւեռները:

Ժամանցուած ըլլալով զուտ քաղաքական ուժերէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութեան հնարաւորութիւնը, դէտեր Տիապի համար կը տեսնեն երկու տեսակի կառավարութիւն.-

Ա) Կա՛մ վերոյիշեալ երեք բեւեռներէն կազմուելիք կառավարութիւն:

Բ) Կա՛մ վերոյիշեալ երեք բեւեռներէն երկուքով կազմուելիք կառավարութիւն:

Սակայն Տիապի առջեւ ցցուող գլխաւոր խոչընդոտը երկուք է.-

1) Ի՞նչ են նոր կառավարութեան գործունէութեան օրակարգը, առաջնահերթութիւնները:

2) «Փողոց’ը պիտի ընդունի՞ զայն…: Այս պարագային պէտք է վերյիշեցնել թէ վերը նշուած առաջին երկու բեւեռները իրենց «փողոց’ը կազմելէ զատ կրնան թափանցած ըլլալ նաեւ «մաքրակրօն» ԲԸՇին մէջ, եւ հետեւաբար «փողոց’ը կրնայ շարժիլ վերոյիշեալ երեք բեւեռներէն որեւէ մէկուն ջանքերով, ուստի եւ տապալել Տիապի ջանքերը:

Իդէպ, դէտեր կը պնդեն, թէ Տիապի փորձը կրնայ տապալիլ ոչ միայն քաղաքական դրդապատճառներով, այլեւ նոյնինքն Ըմբոստութեան Շարժումին կայծ տուող փտած կառավարման համակարգին դէմ հաշուեյարդարի պատճառներով:

Օրինակով մը բացատրենք այս երեւոյթը. արդեօ՞ք երեք մեծ համայնքներէն որեւէ մէկը պիտի ընդունի որ իր շարքերէն մին հաշուետուութեան կանչուի… (եկէք աւելի չբանանք Ալի Պապայի պարկին բերանը…):

Ամփոփելու համար՝ Տիապի առաքելութիւնը կը դիմագրաւէ քաղաքական, իշխանութեան բաժանումի, բարեկարգումի օրակարգի …եւ դեռ հազարումէկ խութեր: Ասոնց դժուարագոյնը, սակայն նոյնինքն լիբանանցին է, որ բոլոր միւս լիբանանցիները փտած կը տեսնէ, բացի… իրմէ:

Ընդունինք սակայն որ բոլոր լիբանանցիներս ալ տարբեր չափերով փտած ենք. մեզմէ ո՞վ իր եկամուտները չի նսեմացներ, ո՞վ ինքնաշարժին մեքանիքը ատենին կը վճարէ, ո՞վ ուասթայի չի դիմեր, ո՞վ շուտ հասնելու համար արգիլեալ կամ հակուղի ճամփաներ չ’առներ…:

Լուծում

Տիապի ոչ միայն ձեռքին կրակէ գնդակ դրուած է, այլ նաեւ կրակէ շապիկ հագած է ան: Եւ ոչ միայն իր տաղանդաւոր ճիգերը պէտք են, այլեւ բոլոր լիբանանցիներուն գործակցութիւնը: Այդ գործակցութիւնը զիջում կը նշանակէ:

Տեսնես լիբանանցին պատրա՞ստ է զիջելու, թէ՞ կը կարծէ որ առանց իր զիջումին լիբանանցիներուն նաւը կը փրկուի…:

Ա. Տ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին